ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Արտաքին ականջի ընդոծին տձեւութիւնները՝ համաձայն իրենց տարողութեան, կը յառաջացնեն որոշ աստիճանի լսողութեան տկարութիւն։
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները հասկնալու համար, հարկ է հասկնալ անոր կազմաւորումը: Յղութեան ընթացքին, սաղմի կազմաւորման հետ տեղի կ՛ունենան նաեւ ականջի կազմաւորումը, աճը եւ զարգացումը: Ականջի կազմաւորումը հանգրուանային է: Անիկա կը սկսի յղութեան երրորդ շաբաթը եւ իր լրումին կը հասնի յղութեան եօթներորդ ամսուն վերջաւորութեան:
Ականջը կազմուած է երեք բաժիններէ՝ արտաքին, միջին եւ ներքին: Այս երեք բաժիններու կազմաւորումը կը սկսի միասնաբար, սակայն անոնց ամբողջացումը տեղի կ՛ունենայ տարբեր ժամանակներու: Նախ կ՛ամբողջանայ ներքին ականջը, անոր կը հետեւի միջին ականջը եւ վերջապէս՝ արտաքին ականջը: Ներքին ականջի կազմաւորումը տեղի կ՛ունենայ բոլորովին տարբեր վայրի մէջ, քան՝ միջին եւ արտաքին ականջինը, որոնք կը կազմաւորուին միեւնոյն վայրին մէջ:
Արտաքին ականջը կազմուած է ականջակոնքէ-ականջախեցէ (pinna) եւ արտաքին անցուղիէ-ցնցուղէ (external canal), որ կը վերջանայ բարակ եւ մասամբ թափանցիկ թմբկաթաղանթով (ear drum):
Միջին ականջը կազմուած է օդով լեցուն ականջախոռոչէ (middle ear cavity) եւ լսափողէ-Եուստաքեան խողովակէ (Eustachian tube), որ առաձգական խողովակ մըն է: Անիկա կը բացուի քթաըմբանին (nasopharynx) մէջ, կ՛օդաւորէ միջին ականջը եւ կը նպաստէ միջին ականջի հեղուկի արտաքսումին՝ դէպի քթաըմբան:
Ականջախոռոչին մէջ կը գտնուին երեք ոսկրիկներ, որոնք կը կոչուին՝ մուրճ (maleus), սալ (incus) եւ ասպանդակ (stapes): Երեք ոսկրիկները իրարու միացած են շարժական յօդերով: Մուրճը առաջին ոսկրիկն է եւ կը նստի թմբկաթաղանթին վրայ, իսկ ասպանդակը երրորդն է, որ հաղորդակցութեան մէջ է ներքին ականջին հետ:
Ներքին ականջը կազմուած է անդաստակէ (vestibule), խխունջէ (cochlea) եւ երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals):
Քանի որ ականջի երեք բաժիններու կազմաւորումը եւ զարգացումը տեղի կ՛ունենան հանգրուանային ձեւով եւ տարբեր կեդրոններէ, ականջի անբնական տեսանելի եւ անտեսանելի երեւոյթները կրնան յայտնուիլ ամբողջութեամբ, կամ՝ մասնակի: Ականջի տձեւութիւնները կրնան ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի:
Արտաքին ականջի անբնական երեւոյթները ընդոծին են, այսինքն՝ անոնք կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս տձեւութիւններն են՝
- Ականջեղ (macrotia), որ կը նշանակէ մեծ ականջակոնք.
- Ականջուկ (microtia), որ կը նշանակէ պզտիկ ականջակոնք.
- Բազմականջութիւն՝ ականջակոնքին առջեւ մէկէ աւելի աճառային պզտիկ գնդիկներու հաւաքածոյ.
- Ցցուն-տնկուած ականջակոնք (lop ear).
- Կրկնակի բլթակ (double earlobe) կամ ճեղքուած բլթակ (bifid earlobe).
- Այլանդակ արտաքին ականջ՝ աղաւաղուած ձեւով եւ տեսքով, ուր ականջակոնքը մասնակի կամ ամբողջովին խցած կ՛ըլլայ անցուղին, որ այս պարագային տեսանելի չ՛ըլլար.
- Ականջակոնքի ամբողջական բացակայութիւն, ուր անցուղին նշմարելի չ՛ըլլար.
- Անցուղիի նեղացում (stricture), խցում, կամ լրիւ բացակայութիւն՝ անանցկութիւն (atresia).
- Թմբկաթաղանթի անբնական կազմուածք կամ բացակայութիւն։
Վերջին չորս տձեւութիւնները կը յառաջացնեն լսողութեան մնայուն եւ անփոփոխելի զանազան աստիճանի տկարացում, որ հետեւանքն է արտաքին աշխարհի ձայներու ոչ ամբողջական փոխանցման դէպի միջին ականջ:
Արտաքին ականջի տձեւութիւն ունեցող մանուկներու ծնողներէն շատերը կ՛ըսեն, թէ իրենց զաւակին տկար լսողութիւնը տարիներու ընթացքին առաւել վատթարացած է: Այս ենթադրութիւնը հետեւանքն է մանուկի աճումին զուգահեռ՝ անոր լսողութեան պէտքերու բազմապատկումին եւ տեղի ունեցած միջին եւ ներքին ականջի այլ հիւանդութիւններու:
Մանուկին լեզուական զարգացումը կապուած է հիմնականօրէն անոր լսողութեան հետ: Անոր տկար լսողութեան պատճառով, լեզուական զարգացումը անբնական ձեւով կը զարգանայ: Ականջակոնքի ընդոծին տձեւութիւն եւ անցուղիի անանցկութիւն ունեցող մանուկը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ շատ կանուխէն, որովհետեւ ան կ՛ունենայ անբնական լեզուական զարգացում:
Արտաքին ականջի տձեւութիւնները կը դարմանուին վիրաբուժական գործողութեամբ, հետեւաբար՝ լսողութիւնը կը դառնայ բնական, քանի որ արտաքին աշխարհի ձայներու փոխանցումը դէպի ականջաթմբուկ եւ միջին ականջ կ՛ըլլայ ամբողջական եւ լրիւ: Այս տձեւութիւններու վերացումը կ՛ըլլայ մէկ կամ մէկէ աւելի վիրաբուժական միջոցառումներով: Այլ խօսքով, վիրաբուժական միջոցառումը կ՛ըլլայ հանգրուանային՝ կախեալ ըլլալով տձեւութեան տարողութենէն եւ ձեւէն: Ընդհանրապէս, մէկէ աւելի միջոցառումներ կը կատարուին: Շատ հազուադէպ պարագայի միայն, մէկ վիրաբուժական միջոցառումով կը վերանայ տձեւութիւնը եւ կը վերականգնուի բնական լսողութիւնը: Երկկողմանի տձեւութիւնները պէտք է վերանան կանուխ տարիքի՝ մանուկի առաջին տարիներուն, որովհետեւ անոնց պատճառած լսողութեան տկարացումը կ՛ըլլայ երկկողմանի: Իսկ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է յետաձգել աւելի ուշ տարիքի, որովհետեւ մանուկը կ՛ունենայ երեւութապէս բնական լսողութիւն, այլ խօսքով՝ անոր միակողմանի լսողութեան տկարացումը զգալի չ՛ըլլար:
Աղջիկներու մօտ, մանաւանդ միակողմանի տձեւութիւններու վերացումը կարելի է քանի մը տարիով յետաձգել, որովհետեւ անոնց երկար մազերը կրնան ծածկել ականջի տձեւութիւնը: Իսկ տղոց մօտ, նոյնիսկ միակողմանի տձեւութիւնը պէտք է վերացուի կանուխ տարիքի, որպէսզի մանուկին մէջ հոգեբանական վերիվայրումներ տեղի չունենան։
Մանր տձեւութիւններու վերացումը երկու սեռերուն մօտ ալ պարտաւորիչ չէ՛: Անոնք ոչ մէկ ձեւով լսողութեան տկարացում կը յառաջացնեն: Անոնց վերացումը պայմանաւորուած է միայն գեղեցկագիտական պատճառներով:
Տարիներ առաջ, դարմանատունս այցելած էր 25 տարեկան աղջիկ մը, որ կը գանգատէր իր միակողմանի ականջակոնքի այլանդակ-տձեւութենէն եւ լսողութեան տկարացումէն: Յետ լսողութեան մանրակրկիտ քննութեան եւ արտաքին ականջի Ք-ճառագայթային նկարումին, ախտաճանաչումս եղաւ հետեւեալը. ականջակոնքի միակողմանի ընդոծին տձեւութիւն, անցուղիի ամբողջական խցում, միջին ականջի առաջին երկու ոսկրիկներու՝ մուրճի եւ սալի միաձուլում-անշարժութիւն, ինչպէս նաեւ լսողութեան փոխանցման 50 տոկոսի տկարացում:
Ենթակային բացատրելէ ետք, թէ իր ականջի ընդոծին տձեւութեան եւ լսողութեան տկարութեան միակ դարմանամիջոցը վիրաբուժական գործողութիւնն էր, ան ենթարկուեցաւ վիրաբուժական նուրբ գործողութեան մը, որ յաջողութեամբ պսակուեցաւ: Ենթական ունեցաւ երեւութապէս բնական ականջակոնք եւ անցուղի, նաեւ՝ անջատ-շարժուն երկու ոսկրիկներ: Վիրաբուժական այս փոփոխութիւններուն արդիւնքով՝ անոր լսողութիւնը 70 տոկոս բարելաւում արձանագրեց: