Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութեան 76րդ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, Հոկտեմբեր 28-30, 2016ին: Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին կուսակցութեան Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Պրազիլի մարմիններէն ընտրուած պատգամաւորները եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, որոնք քննեցին ազգային, համայնքային եւ կազմակերպական ոլորտներուն մէջ օրակարգային հիմնախնդիրը եւ առին համապատասխան որոշումներ՝ գործունէութեան յաջորդ ժամանակաշրջանին համար:
Այդ որոշումներուն հիման վրայ, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութիւնը յանուն իր շարքերուն, գաղափարակից կազմակերպութիւններուն եւ համակիր զանգուածին այսու կը յայտարարէ.
Ա.- Անվերապահ եւ ամբողջական զօրակցութիւն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ ժողովրդավար կարգերը ամրապնդող եւ ընկերային արդարութեան հաստատման հեռանկարով իրականանալիք համակարգային փոփոխութեանց գործընթացին:
Բ.- Հաստատական յանձնառութիւն՝ Արցախի հիմնախնդրի խաղաղ եւ արդար լուծումին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման ճիգերուն:
Գ.- Հարաւամերիկեան տարածաշրջանին մէջ գործադիր, օրէնսդիր եւ արդարադատական իշխանութիւններու մակարդակով ճանաչում գտած Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրական պայ-քարը արդարահատոյցի հանգրուանի անցումի ամրագրումը:
Դ.- Կը հաստատէ, որ Հարաւային Ամերիկայի մէջ հասակ առնող հայորդիներու չորրորդ սերունդին հիմնախնդիրն է հայեցի դաստիարակութեան արդիականացումը, եւ հայրենի հայութեան թէ Սփիւռքի այլ համայնքներու հետ մնայուն կապի խորացումը:
Ե.- Կ՛ողջունէ տարածաշրջանի մէջ հայ համայնքներու համարկումը տեղական քաղաքական կեանքին որպէս լիիրաւ քաղաքացի՝ ի խնդիր ժողովրդավարութեան, մշակութային բազմազանութեան, մարդկային եւ ընկերային իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ փոխհանդուրժողականութեան արժէքներու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հետ հարաւամերիկեան երկիրներու յարաբերութիւններու սերտացման:
Զ.- Ձեռք կ՛երկարէ տարածաշրջանի հայ համայնքներուն մէջ գործող պատմական կուսակցութիւններու տեղական կազմակեպութեանց եւ շարքերուն, քաղաքական այլ ուժերուն, կրօնական, ընկերային, մշակութային եւ բարեսիրական բոլոր հաստատութիւններուն՝ բարձր արժեւորելով համայնական մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար համայնքային միասնականութիւնն ու համագործակցութիւնը:
Է.- Կը դիմէ տարածաշրջանի հայ ծագումով բոլոր անհատներուն՝ ձեռք բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն:
Ը.- Ահազանգ կը հնչեցնէ սուրիահայութեան ապրած գոյութենական ճգնաժամին նկատմամբ եւ Հարաւային Ամերիկայի հայութեան կոչ կ՛ուղղէ թափ տալու մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներուն:
Արցախեան հերոսամարտով սկսած եւ անկախ պետականութեան ծնունդով ամրագրուած հայ ժողովուրդի պատմական գործընթացը մտած է նոր հանգրուան: Մարտահրաւէրները շատ են տակաւին, բայց անցնող քսանհինգ տարիներու սխրանքներն ու Սփիւռք-հայրենիք միասնականութիւնը մեծագոյն գրաւականն են անոր յաղթական յառաջընթացին դէպի Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան:
Պուէնոս Այրէս
30 Հոկտեմբեր 2016