ՆԻՆՈԾՄԻՆՏԱ.- Նինոծմինտա քաղաքի թիւ 2 դպրոցին մէջ, Վրաստանի եւ Հայաստանի հնագոյն քաղաքներու տեսարժան վայրերուն մասին ներկայացում մը կատարեցին 9րդ դասարանի աշակերտները:
Աշակերտները, ժամանակակից ճարտարուեստի օգնութեամբ, ներկայացուցին երկու երկիրներու հնագոյն քաղաքներու պատմութիւնը:
Ձեռնարկին նպատակը եղած է աշակերտներու իրազեկումն ու գիտելիքներու բարձրացումը՝ երկու երկիրներու հնագոյն վայրերուն մասին:
«Եթէ դուք նոյնիսկ աշխարհի կէսն էլ շրջագայած լինէք, միեւնոյն է, Վրաստանը կը գտնի մի նոր բան ձեզ զարմացնելու համար», կը նշէ պատմութեան ուսուցչուհի Նազիկ Տօնոյեան:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր 9րդ դասարանի աշակերտներուն եւ անոնց դասարանի ղեկավար Նազիկ Տօնոյեանի ջանքերով, կամաւոր Նիկա Ուտալիշվիլիի օժանդակութեամբ: