ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կը վայելէ ՀԲԸՄիութեան հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ Սփիւռքի եւ յատկապէս Ամերիկայի բարերար շրջանակներու աջակցութիւնը:
Անշուշտ, այս ուշադրութիւնն ու հոգատարութիւնը՝ Հայաստանի մէջ գործող բարձրագոյն կրթութեան որակաւոր հաստատութեան մը հանդէպ, ողջունելի՛ վերաբերմունք է: Ամերիկեան համալսարան ըլալլով, նաեւ բնական կրնայ ըլլալ ամերիկահայութեան համեմատական մեծ ներդրումը այդ հաստատութեան զարգացման ծրագիրներուն:
Հետաքրքրական փաստ է, որ ամերիկահայ բարերարներու տեսադաշտէն հեռու կը մնան Երեւանի Պետական համալսարանն (ԵՊՀ) ու Ճարտարագիտական համալսարանը, ուր կը յաճախէ հայաստանցի ուսանողներուն մեծագոյն մասը, եւ որոնց կրթական մակարդակին յաւելեալ բարձրացումը ազգային եւ համազգային խնդիր է:
Ամերիկեան համալսարանական իրականութեան մէջ բաւական ցցուն է կրթական բարձրագոյն հաստատութիւններու զանազան բաժանմունքներն ու ամպիոնները առանձին հիմնադրամներով հարստացնելու, հզօրացնելու սովորութիւնը: Կտակներ կամ մեծագումար նուիրատուութիւններ տրամադրելով համալսարաններուն՝ բարերարները թէ՛ իրենց անունը կը յաւերժացնեն, եւ թէ խթան կը հանդիսանան իրենց սրտին մօտիկ համալսարանի կրթական ծրագիրներուն ճոխացման:
Իմ տեղեկութեամբ՝ ԵՊՀի ամէնէն նշանակալի նուիրատուն եղած է Երուսաղէմի միաբանութենէն Շահէ արք. Աճէմեանը, որուն անունով հիմնուած է Աստուածաբանութեան ամպիոնը:
Պատճառը այս կացութեան, հաւանաբար, Երեւանի Պետական համալսարանի տնօրէնութեան կողմէ՝ այդ ուղղութեամբ քարոզչական աշխատանքի բացակայութիւնը կամ թերի կազմակերպումն է: Պէտք է համալսարանը ի՛նք նախաձեռնէ քարոզչական աշխատանքի նաեւ Հայաստանէն դուրս, մանաւանդ այն շրջաններէն ներս, ուր կ՛ապրին կարեւոր թիւով ԵՊՀ շրջանաւարտներ (ինչպէս՝ մեր շրջանը), որոնք նիւթապէս բաւական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին:
Dear Apo,
Armenian Engineers and Scietists of America (AESA) is very much in agreement with your approach to a fair and balanced contribution to State university and Polytechnic university from the west as we see happening to AUA. I have discussed and shared my heartbroken reality with Prof. Maroukhyan of Polytechnic. AESA has offered to launch a program to pave the way to introduce the names of these universities to the general public of the west. Their willingness to work with outsiders is there in words , however, not so in deed. We have been told it is not included in the budget. Recently Prof. Yuri Sargsyan was visiting LA for AUA 25th anniversary banquet. AESA and ARPA hosted an event to hear Prof. Sargsyan present Polytechnic 5 year plan. I was happy to see the PR work needed for fundraising in the west is an element in the 5 year plan.
AESA is going to start a fundraising for the next two years for the immediate needs and a serious boost to Polytechnic honoring their 85th anniversary celebration. There is a very impressive history for engineering education in Polytechnic university. You must acknowledge what 85 years has given and has the potential to give and there is no comparison to the life of a 25 year educational institution.
Warm regards
Razmik Gharakhanian
AESA President- 2016