ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– «ՆԱԹՕն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մէջ դերակատարութիւն չունի», յայտարարած է ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի փոխօգնական Ճէյմի Շին՝ նշելով, որ այդ առաքելութեամբ կը զբաղի ԵԱՀԿը, մասնաւորաբար՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը՝ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի ու Միացեալ Նահանգներու համանախագահութեամբ:
Նոյն ժամանակ, Ճէյմի Շին նշած է. «Մենք կ՛աջակցինք Մինսկի խումբի փորձերուն՝ խաղաղ լուծում գտնելու առումով, կ՛աջակցինք տագնապի խաղաղ կարգաւորման եւ, ի հարկէ, յոյս ունինք, որ բոլորը զսպուածութիւն կը ցուցաբերեն»:
ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի փոխօգնականը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը չի դառնար Հայաստանի եւ ՆԱԹՕի միջեւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը արգելակող խնդիր: