ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի ղեկավարած Համախմբում կուսակցութեան վարչութիւնը 9 Յունուարին որոշած է աւելի աշխոյժ դարձնել այլ քաղաքական ուժերու հետ բանակցութիւնները՝ «վերջնական որոշումներու յանգելու նպատակով»:
«Վարչութիւնը լիազօրեց կուսակցութեան փոխնախագահներ Ստեփան Մարգարեանին եւ Էլինար Վարդանեանին, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան խորհրդի համակարգող Անդրանիկ Թեւանեանին ակտիւ խորհրդակցութիւններ անցկացնել քաղաքական, հասարակական ուժերի եւ այլ շրջանակների հետ», հաղորդած է Համախմբում կուսակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը: