ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսաւ «Հայ Որբ Մը՝ Սեւ Ծովու Շրջանէն» գիրքը, որուն հեղինակն է Հալիլ Էրհան, Թուրքիոյ Կիրեսուն քաղաքէն:
«Ակօս» օրաթերթին համաձայն՝ ծագումով հայ Էրհան գիրքը գրած է համիտեան ջարդերուն պատճառաւ որբացած իր մեծ հօր մասին եւ զայն ձօնած՝ անոր յիշատակին:
Թրքական «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած գիրքը ազգային ու կրօնական ինքնութեան հարցերու շուրջ մտորելու առիթ կու տայ Թուրքիոյ հիւսիսային, սեւծովեան շրջաններու բազմահազար բնակիչներուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ յայտնի են առաւել ազգայնական տրամադրութիւններով ու վարքագիծով:
Գիրքին հեղինակը կը նշէ, որ իրենց անցեալի ու իրական ծագման պատմութիւնները լսողները այստեղ կը սկսին աւելի բուռն կերպով մերժելու այդ անցեալը կամ կը փորձեն ինքնապաշտպանուիլ:
««Ի՞նչ կարիք կար սա վերյիշելու» ըսողներ ալ կան, «Հայ, հնարաւոր է նման բան եղած ըլլայ» ըսողներ ալ… Յամառօրէն «մինչեւ կեանքի վերջ թուրք ու մահմետական եմ» բացականչողներ ալ…», կ՛ըսէ կիրեսունցի իսլամացուած հայը, որուն ազգականներէն ոչ բոլորը նոյնպէս կը սիրեն խօսիլ անցեալի վէրքերէն, սակայն տեղեակ են իրենց հայկական ծագման մասին:
«Մեծ հայրս միշտ կը պատմէր իր գլխուն եկածներուն մասին: Միայն գիտէինք, որ ոչ հայր ունի, ոչ մայր, ոչ հօրեղբայր… Իր անցեալէն միայն մէկ մուրճ ունէր, որ վերցուցած էր իրեն հետ, երբ փախած էր զինուորական ծառայութենէն», կ՛ըսէ Էրհան՝ պատմելով, որ մեծ հայրը, որբանալով դեռ 1890ականներուն, 1915ին միւս հայ տղամարդոց հետ տարուած է Օսմանեան բանակ, ուր զինք աշխատցուցած են ճանապարհներու շինարարութեան մէջ:
«Երբեք մարդու չէ նեղացուցած, շրջապատիս մէջ տեսած ամենաաշխատասէր մարդն էր մեծ հայրս: Երբ մահացաւ շատ լացի, շատ-շատ տխրեցայ: Այդպիսի մէկը այլեւս աշխարհ չի գար», կ՛ըսէ գիրքին հեղինակը, որ կը նշէ, թէ որբ մնացած մեծ հայրը երբեք յոյս չէ ունեցած գտնելու իր հայ ազգականները եւ բաւարարուած է իր զաւակներուն եւ թոռներուն ներկայութեամբ ու սիրով: