ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Մեր համայնքը բախտաւորուած է ազգայիններու այնպիսի փաղանգով մը, որուն մշտական ուշադրութեան եւ նուիրաբերումին շնորհիւ՝ մեր կառոյցները կը շարունակեն իրենց աշխատանքն ու ծառայութիւնները:
Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեանները իրաւա՛մբ այս փաղանգին մէջ յատուկ տեղ կը գրաւեն: Մեր մամուլին հետեւողներուն համար շատ պարզ է, թէ այս հայրենասէր ու ազգասէր զոյգը ինչպէ՛ս գրաւած է իր պատուաւոր տեղը մեր համայնքի կառոյցները պահպանող նուիրեալներու խումբին մէջ: Անոնց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը շօշափելիօրէն կ՛երեւի Հայոց Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Օգնութեան Միութեան, Սուրիոյ Հայութեան Օգնութեան Մարմինին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու գործունէութեան մէջ:
«Ասպարէզ», իր կարգին կրնայ վկայել, որ մշտապէս արժանացած է այս զոյգի մշտական նեցուկին, որուն համար կը յայտնենք մեր երախտագիտութիւնը: Ապրիլեան մեր բացառիկի պատրաստութեան նախօրէին, «Ասպարէզ»ի խմբագիրը դիմած էր շարք մը հովանաւորներու եւ բարեկամներու աջակցութեան: Տէր Օհաննէսեանները միացան մեր դիմումի առաջին արձագանգողներու շարքին՝ թերթին նուիրելով 5000 տոլար: