ԼԱՒՍԻՆԷ ԹԵՒՈՍԵԱՆ
«Ապառաժ»ը կը տեղեկացնէ, որ «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմադրամին կողմէ 2004ին Արցախի հարաւը հիմնադրուած Առաջամուղ գիւղը տարուէ տարի կ՛ընդարձակուի. Ապրիլ 4ին, առաջամուղցի 6 ընտանիք բնակարանամուտ տօնեց։
«Առաջամուղը ռազմավարական կարեւորութիւն ունի Արցախի համար: Ուստի մեր յետագայ քայլը դպրոցի վերակառուցումն ու բուժկէտի շէնքի կառուցումը պիտի ըլլայ», յայտնեց Թուֆէնքեան հիմնադրամի գործադիր-տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեան եւ յոյս յայտնեց, որ տարիներ ետք նորակառոյց գիւղը վերածուի քաղաքի:
Տան բանալիները տանտէրերուն յանձնեցին Սերժ Թանքեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյեան եւ Էրիք Նազարեան: Վերջիններս երկօրեայ այցով Արցախ կը գտնուին:
Հանրայայտ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ եւ երգահան Սերժ Թանքեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս օրերուն ընթացքին Արցախի մէջ տեղի ունեցած կարգ մը ձեռնարկներու մասնակցած է, սակայն ասիկա ամէնէն ազդեցիկն էր:
«Մենք երախտապարտ ենք այս մարդոց, որոնք այստեղ կ՛ապրին», յայտնեց Թանքեան:
«8 տարի առաջ այցելած եմ Արցախ եւ այդ տպաւորութիւններն են, որոնք այսօր զիս այստեղ բերած են: Այս անգամ ես ետ կ՛երթամ նոր տպաւորութիւններով: Յուսամ, որ սփիւռքահայութիւնը եւս ժամանակ կը տրամադրէ Արցախի հետ ծանօթանալու», յայտնեց դերասանուհի Արսինէ Խանճեան:
Նորակառոյց 6 տուները կառուցուած են «Թուֆէնքեան բարեգործական հիմնադրամի եւ Միացեալ Նահանգներու «Արցախ» ֆոնտի ֆինանսաւորումով եւ Արցախի կառավարութեան աջակցութեամբ:
«Մենք ուրախ ենք եւ երջանիկ այդ պարտականութիւնը մեր վրայ վերցնելուն համար: Արցախը մեր հայ ազգի ուժն է, եւ այն, ինչը մենք ըրած ենք, նուազագոյնն է», ըսաւ «Արցախ» ֆոնտի ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Կիլիեան:
Նազարեաններու ընտանիքը 2013ին Արարատէն տեղափոխուած է Արցախ: Մինչ այդ տարբեր բնակավայրերու մէջ վարձով կը բնակէին:
«Վերջապէս մեր սեփական տունը ունեցանք: Աշխատանքն ալ խնդիր չէ այստեղ: Քանի որ նախկին զինծառայող եղած եմ, հիմա ալ կը պատրաստուիմ վերադառնալ զինուորական գործիս, բայց արդէն Արցախի մէջ», պատմեց Նազարեաններուն հայրը:
Այսօր գիւղը 18 նորակառոյց առանձնատուն ունի: Ծրագիրին համաձայն՝ պէտք է կառուցուին եւս 32 տուներ: Նախատեսուած է նաեւ ընդարձակել գիւղի դպրոցն եւ բուժկէտ կառուցել:
«Թուֆէնքեան» հիմնադրամի հոգաբարձու Անդրանիկ Գասպարեան նշեց, որ այսուհետեւ Առաջամուղի ծրագիրը պիտի իրականացնէ «Արցախ» ֆոնտը:
«Նպատակ ունինք մեր հիմնադրամի ծրագիրներուն միջոցով այլ բարերարներու ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի Արցախ», նշեց Անդրանիկ Գասպարեան եւ աւելցուց, որ պէտք չէ հպարտանանք մէկ գիւղով, սահմանամերձ գօտիին վրայ պէտք է 20 նման գիւղ ունենանք:
Այգեստանի մէջ ապրող Նախշուն Յակոբեանի ընտանիքը քանի մը օրէն պիտի տեղափոխուի Առաջամուղի իր նոր բնակարանը:
«Պատրաստ տուները մեզի յանձնեցին, մենք ալ մեր ընտանիքներով պիտի շէնցնենք այս տարածքը», ըսաւ Նախշուն եւ աւելցուց, որ լուացքի մեքենայի համար վարկ վերցնելու անհրաժեշտութիւն այլեւս չկայ, քանի որ բնակարանամուտի ատեն բարերար մը խոստացած է բոլորին լուացքի մեքենայ, սառնարան ու հեռուստեսիլ նուիրել: