Երկուշաբթի, 24 Ապրիլի յետմիջօրէին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին շուրջ համախմբուեցաւ հոծ թիւով հայութիւն՝ հոգեւորական արարողութեամբ եւ պաշտօնական շուքով ոգեկոչելու համար սրբադասուած մեր բիւրաւոր նահատակներուն անմահ յիշատակը:
Ոգեկոչման արարողութեան հանդիսապետեց յունահայոց թեմակալ կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան՝ իր կողքին ունենալով հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւոր առաջնորդները՝ Յովսէփ Ծ. վրդ. Պէզազեան եւ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեան, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր հայրեր Խորէն վրդ. Առաքելեան, Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեան:
Պաշտօնական անձնաւորութեանց շարքին ներկայ գտնուեցան Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան՝ Հայաստանի հիւպատոսի, Հայաստանի զինուորական կցորդի եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի ուսանող սպաներու պատուիրակութիւնը: Ներկայ եղան Յունաստանի համայնքներու եկեղեցական եւ աշխարհիկ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ։
Մարզպետարանին կողմէ հակիրճ ելոյթ ունեցաւ Ակելիքի Լեվենտի, որ շեշտեց ցեղասպանութեան օրինակով ծանրակշիռ յանցագործութիւնները մոռացութեան չտալու եւ արդար դատաստանի ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի նման ոճիրներ չկրկնուին այլեւս:
Հայոց Ցեղասպանութեան մեծ ոճիրը եւ թրքական պետութեան կրած անժամանցելի պատասխանատուութիւնը շեշտող բանախօսութեամբ իր խօսքը ուղղեց Կոմիտաս արք. Օհանեան
Ոգեկոչման աւարտին, Նէա Զմիռնիի Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակաց յուշարձանին դափնեպսակներ զետեղեցին՝
– Յանուն յունահայութեան՝ Յովիկ Ներսէսեան
– Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան:
– Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Ստաւրոս Ծուլաքիս
– Մարզպետարանի ներկայացուցիչ Ակելիքի Լեվենտի: