«Պի.Պի.Սի.»ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ սեւծովեան նաւատորմիղին մաս կազմող «Լիման» հետախուզական նաւը խորտակուած է Թուրքիոյ ափերուն մօտ՝ անասուններ փոխադրող բեռնատար նաւու մը բախելէն ետք: Թրքական լրատուամիջոցները, վկայակոչելով սահմանապահ ծառայութիւնը՝ կը յայտնեն, թէ ռուսական նաւու անձնակազմին 78 անդամները փրկուած են: Բախումը տեղի ունեցած է Սեւ ծովու հարաւարեւմտեան հատուածին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.