«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Տօնական մթնոլորտը պղտորելը աններելի յանցանք է: Վերջ ի վերջոյ, մեր նորագոյն պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներէն՝ անառիկ Շուշիի ազատագրութեան քառորդարեայ տարեդարձն է, եւ ազգովին ամէն պատճառ ունինք՝ խրախճանքներով, հանդէսներով ու շքերթներով նշելու այս օրը:
Պէ՛տք է տօնենք, շահա՛ծ ենք իրաւունքը տօնելու, որովհետեւ հայկական հերոսութեան, հրաշալի սխրանքներու, ռազմական գիտութեան փայլատակումի վկայութեան տարեդարձն է այսօր:
Այս մեծ յաղթանակը կերտողները, նահատակ թէ տակաւին մեր կողքին գտնուող մարտիկները, կ՛ակնկալեն ու կը սպասեն, որ տօնենք այս յաղթանակի օրը, որպէսզի նոր սերունդը գիտակցի անոր նշանակութեան եւ անոր մէջ գտնէ ներշնչման հզօր աղբիւր:
Շուշիի ազատագրութեան ընթացքին նահատակուողներն ու մեր կողքին գտնուող հերոսները, սակայն, կ՛ակնկալեն մեզմէ իւրաքանչիւրէս՝ առաւե՛լ լրջութեամբ տէր կանգնիլ մեր պարտաւորութիւններուն, ազատագրուած բոլոր տարածքները շէնցնելու եւ Շուշիին վերադարձնելու համար անցեալի փառքը:
Եթէ գնահատենք մեր հաւաքական ներդրումը՝ ազատագրուած տարածքներուն եւ Շուշիի վերաբնակեցման ծրագիրներուն, ապա կը նկատենք, թէ որքա՜ն մսխած ենք ժամանակը եւ որքա՜ն անպատասխանատու եղած ենք նոյն ինքն յաղթանակին ու յաղթանակը կերտողներուն առջեւ:
Մսխուած ժամանակին համար դիւրին է մեղաւորներ փնտռել ու մատնանշելը: Դիւրին է առարկայական թէ ենթակայական պայմաններ վկայակոչելը՝ բացատրելու համար մեր անգործութիւնը:
Եկէք հրաժարինք այս սովորական դարձած ու յոգնեցնող արդարացումներէն: Եկէք հետեւինք այն՝ մատի վրայ համրուող նուիրեալներուն, որոնք ինքնուրոյն, սեփական նախաձեռնութիւններով կը փորձեն կառուցել, շէնցնել ազատագրուած շրջանէն անկիւն մը, տարածք մը, գիւղ մը, աւան մը:
Մեր շրջանին մէջ մենք ականատես ենք սակաւաթիւ, սակայն նշանակալի աւանդով անհատ բարերարներու, գործարարներու նուիրեալ աշխատանքին՝ Շուշին եւ ազատագրուած տարածքները զարգացնելու ուղղութեամբ: Եկէք չբաւարարուինք զանոնք ծափահարելով, գնահատելով, փառաբանելով: Եկէք մե՛ր ալ լուման միացնենք ու փորձենք մսխուած ժամանակը բազմապատկուած ծրագիրներով ու աշխատանքներով հատուցել:
Եւ կը տեսնէք, թէ յաջորդ տարեդարձին, ինչպիսի՛ անխառն երջանկութեամբ կը նշենք յաղթանակի այս օրը: