«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Ուաշինկթընի մէջ Էրտողանի եւ իր թիկնապահներու լկտի գործողութիւններուն յառաջացուցած զայրոյթի ու ընդվզումը ալիքը կրնայ բարձրանալ եւ պէ՛տք է բարձրանայ:
Միացեալ Նահանգներու գերիշխանութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող, մարդկային տարրական իրաւունքներու հանդէպ բացարձակ եւ անսքօղ քամահրանք ցուցաբերող Էրտողանին դէմ, մենք պարտաւոր ենք մեր քաղաքացիական իրաւունքներու լիարժէք օգտագործումով՝ օրինական բոլո՛ր հնարաւոր քայլերը մինչեւ վերջ առնելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու այս երկրին մէջ Թուրքիոյ իշխանութեանց քաղաքական ներկայացուցիչները:
Վիրաւորուած ու նսեմացուած ենք իբրեւ ամերիկացիներ. տուժած ենք մեր ազատ խօսքի ու արտայայտութեան իրաւունքը կաշկանդել փորձող արտաքին բիրտ միջամտութենէ:
Նաեւ՝ լրջօրէն մտահոգուած ենք, որ եթէ Էրտողան, իր իշխանութեան տարածքէն շատ հեռու, այսպէս կոպտօրէն, այսպէս բրտութեամբ կրնայ փորձել ժողովրդավարութեան ընձեռած իրաւունքներով իրեն հակադրուող խաղաղ ցուցական արարք մը լրեցնել, ապա ի՛նչ կարելի է սպասել անկէ՝ իր ստեղծած բռնատիրական Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւն ցոյց տուողներուն հանդէպ: Արդէն իսկ թրքական բանտերը լեցուած են Էրտողանի մենիշխանութիւնը քննադատող քաղաքական գործիչներով, լրագրողներով, հրապարակագիրներով, ազգային փոքրամասնութեանց շահերը պաշտպանողներով:
Ուրեմն, մենք նախ պարտաւոր ենք տեղական գետնի վրայ ուժգնութեա՛մբ հակազդել Ուաշինկթընի մէջ թրքական սանձարձակութեան՝ ամերիկեան հանրային կարծիքը լուսաբանելով եւ բարեկամ օրէնսդիրներու (քոնկրեսական եւ ծերակուտական) ու աննախընթաց կերպով նաեւ գործադիր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու քննադատական յայտարարութիւնները գործնական քայլերու ուղղելով:
Նաեւ, այս շատ յատկանշական երեւոյթը միջազգային քաղաքական շրջանակներու ուշադրութեան պէտք է յանձնել (կարծես Թուրքիոյ ներքին իրադարձութիւնները արդէն իսկ աղաղակող փաստերով չեն ողողեր լրատուական միջոցները), զգուշացնելով, որ Էրտողան չ՛երկնչիր նուազագոյն իսկ ընդդիմութիւն արիւնո՛վ ճնշելէն:
Նաեւ, ամերիկեան դատաիրաւական մշակոյթէն իսկ քաջալերուած՝ պէտք է կարենանք նիւթական պատիժի ենթարկել Թուրքիոյ իշխանութեանց ներկայացուցիչները: