Արցախի մէջ, Մայիս 30ին, հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէ մը վիրաւորուեցաւ ժամկէտային զինծառայող Ալիկ Սմբատի Աւանէսեանը: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմաբժշկական վարչութեան պետ՝ գնդապետ Կամաւոր Խաչատրեանը:
Զինծառայողը վիրաւորուած է ազդրէն. ան կը գտնուի Ստեփանակերտի զինուորական հիւանդանոցը, եւ բժիշկները անոր վիճակը կը գնահատեն ծանր»: Կամաւոր Խաչատրեանի խօսքով՝ այժմ հնարաւոր չէ զինծառայողը Երեւան տեղափոխել:
Խաչատրեան նաեւ անդրադարձած է Տաւուշի մէջ ականի մը պայթումին իբրեւ հետեւանք վիրաւորուած զինծառայող Շիրազ Սահակեանի առողջական վիճակին, զոր գնահատած է բաւարար: «Շիրազ Սահակեանը Կենտրոնական զինուորական հիւանդանոցում է, վիճակը բաւարար է», ըսած է ան:
Յիշենք, որ Շիրազ Սահակեանը վիրաւորուած էր Մայիս 4ին:
Ապրիլ 17ին, հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորուած զինծառայող՝ 1997ի ծնունդ Թաթուլ Յարութիւնեանի վիճակը եւս լաւ է, տեղեկացուցած է Խաչատրեան: «Նա հիմա գտնւում է Կենտրոնական կլինիկական զինհիւանդանոցում, սակայն օրերս դուրս կը գրուի եւ կը տեղափոխուի վերականգնողական բուժման», նշած է ան: