ՊՈԼԻՍ, «Էրմէնիհապեր».- Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխնախագահ Վելի Աղպապա քննադատած է իշխող կուսակցութեան սուրիական քաղաքականութիւնը:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի՝ Աղպապա անդրադարձած է յատկապէս 2015ի Յուլիս 20ին Ուրֆայի Սուրուճ քաղաքին մէջ կատարուած անձնասպանական գործողութեան, որուն զոհ գացած էին 33 քաղաքացիներ, եւ այդ դէպքի պատասխանատուն համարած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:
«Թուրքիա, իշխող կուսակցութեան սխալ քաղաքականութեան պատճառով, վերածուած է կոտորածներու երկիրի: Դժբախտաբար, այդ քաղաքականութեան իբրեւ հետեւանք՝ անիկա դարձած է իսկակա՛ն միջինարեւելեան երկիր, ուր արիւն ու արցունք կը հոսի: Անգարան, Պոլիսը, Ուրֆան, Այնթապը արդէն իսկ ոչինչով կը տարբերին Աֆղանիստանի Քապուլէն կամ Իրաքի Պաղտատէն», ըսած է Աղպապա: