ՄՈՍԿՈՒԱ, «ԹԱՍՍ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Երեքշաբթի, 6 Յունիսին, Ինտիրա Կանտիի անուան Պալթեան համալսարանի ուսանողներուն հետ հանդիպման ընթացքին, վերահաստատած է Արցախի հարցը միա՛յն բանակցային ճանապարհով լուծելու ռուսական դիրքորոշումը:
«Միա՛յն պէտք է պայմանաւորուիլ. այլ ճանապարհ չկա՛յ: Բանակցային գործընթացի երկարատեւ ժամանակահատուածին, որ տարբեր ձեւեր կ՛ընդունէր, պայմանաւորուածութիւնները յաճախ մօտ եղած են՝ երկարած ձեռքի մը հեռաւորութեան չափով, սակայն յետագային անվստահութեան բնազդը խանգարած է: Այսուհանդերձ, աշխատանքը պէտք է շարունակել», ըսած է Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծած է նաեւ, որ բանակցութիւններուն շնորհիւ մշակուած են շարք մը սկզբունքներ, եւ այժմ՝ «անհրաժեշտ է համաձայնեցնել շարք մը դժուա՛ր մանրամասնութիւններ, որոնք կը շօշափեն շատ զգայուն հարցեր»:
«Բայց մենք չենք դադրիր փորձելէ: Ռուսիան, ինչպէս գիտէք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի հետ, կը հանդիսանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ, եւ այդ կազմին ընդմէջէն՝ մենք պարբերաբար կը հանդիպինք հակամարտող կողմերուն հետ: Մենք, յետագային եւս, եռեակով պիտի մտածենք այն ուղղութեամբ, թէ ինչպէ՛ս յաղթահարենք փոքր, բայց լուրջ մանրամասնութիւնները, որոնց շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չէ գոյացած», շեշտած է Լաւրով: