ԵՐԵՒԱՆ.- Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կողբ համայնքին մէջ, Երեքշաբթի, 6 Յունիսին տեղի ուեցաւ «ԹՈՒՄՕ Կողբ»ի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
«ԹՈՒՄՕ Կողբ» պիտի կարենայ 600-1000 ուսանողներ ընդունիլ Կողբէն, Նոյեմբերեանէն եւ յարակից սահմանամերձ բնակավայրերէն: Ծրագիրը կ՛իրականացուի «Կողբ» հիմնադրամին հետ համատեղ:
«Կողբ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Արման Բարսեղեան հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին նշեց, որ նախագիծը խորհրդանշական է եւ ունի շարք մը կարեւոր բաղադրիչներ:
«Առաջին բաղադրիչը, որ ցանկանում եմ նշել, կրթականն է, որը երկարաժամկէտ փոփոխութիւններ իրականացնելու համար, թերեւս, ամենակարեւոր գործիքն է: Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը տարածաշրջանային զարգացման խնդիրն է: Սա եւս մէկ նախագիծ է, որը նպաստում է Երեւանից դուրս մարզերի զարգացմանը: Այս իմաստով՝ մենք կարծում ենք, որ Կողբի եւ յարակից այլ բնակավայրերի համար «Թումօ-Կողբ» նախագիծը շատ լուրջ նշանակութիւն է ունենալու», շեշտեց Բարսեղեան:
Կեդրոնը պիտի համագործակցի նաեւ բանակին հետ. առաւօտեան ժամերուն կեդրոնը պիտի օգտագործուի նաեւ զինուորներու կողմէ:
Կեդրոնի շէնքի նախագիծը արդէն հաստատուած է: Շէնքի ճարտարապետն է Պեռնար Խուրին՝ Պէյրութէն: Խուրի Երեւանի ԹՈՒՄՕի ներքին յարդարման հեղինակն է:
Կեդրոնի շինարարութեան եւ հիմնադրման համար անհրաժեշտ միջոցները պիտի ապահովուին «Կողբ» հիմնադրամի, ԹՈՒՄՕի, «Եուքոմ»ի, «Mission Enfance» ընկերութիւններու ու մասնաւոր բարեգործներու նուիրատուութիւններէն: