ՊՈՒԷՆՈՍ ԱՅՐեՍ, «Փրենսա Արմէնիա».- Երկուշաբթի, 5 Յունիսին, Արժանթինի խորհրդարանի «Փասոս Փերտիտոս» սրահին մէջ, Երեսփոխանական պալատը յիշատակեց Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Թիւ 26.199 օրէնքի 10ամեակը:
Ձեռնարկը կազմակերպած էին Երեսփոխանական պալատի նախագահ Էմիլիօ Մոնսօ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ Խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Ուալտօ Ուոլֆ, որ խօսք առաւ երեսփոխաններ Ռեմօ Քարլոթոյի, Պրենտա Օսթինի եւ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեանի կողքին:
Երեսփոխան Ուալտօ Ուոլֆ յայտնեց. «Եթէ Առաջին Համաշխարհային պատերազմի օրով աշխարհը հայ ժողովուրդին ողբերգութեան առջեւ երես չդարձներ, հաւանաբար այսօր մենք ականատես պիտի չըլլայինք 20րդ դարուն ընթացքին տեղի ունեցած այսքան մեծ թիւով ցեղասպանութիւններու»: Ան աւելցուց, որ ինք հպարտ կը զգայ պատկանելու այս երկրին, որ միաձայնութեամբ քուէարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ու հասկացողութիւն յայտնեց հայերու վրդովմունքին համար ժխտողական դիրքորոշումներուն առջեւ:
Իր կարգին, Քորտոպա նահանգի եւ Ռատիքալ կուսակցութեան ներկայացուցիչ երեսփոխանուհի Պրենտա Օսթին հաստատեց, թէ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւանաբար ամենախիստ օրինակն է, որ ցոյց կու տայ, թէ մինչեւ ո՛ւր կրնայ հասնիլ պետութիւն մը, որ կը ճնշէ մարդկային արժանապատուութիւնը եւ զայն ոտնակոխ կ՛ընէ»: Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը մեղսակցութիւն համարելով, երեսփոխանուհին յայտնեց, թէ մեծ պատիւ կը զգայ տեղեակ ըլլալու միջազգային շրջանակներու մէջ Արժանթինի կողմէ այս ուղղութեամբ խաղցած դերին մասին: Օսթին շեշտեց՝ ըսելով. «Մեր երկիրը պէտք է պատուէ արդար դատերու հանդէպ իր յանձնառու աւանդութիւնը եւ շարունակէ թիկունք կանգնիլ Հայ Դատին, որպէսզի անիկա դառնայ Արժանթինի ու ամբողջ մարդկութեան դատը»:
Լեմօ Քարլոթօ յիշեց, թէ ինք անձնապէս մաս կազմած էր 2006ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման նախագիծին ի նպաստ քուէ տուող 165 երեսփոխաններու խումբին, աւելցնելով թէ «յոտնկայս ծափահարեցինք մարդկութեան առջեւ գերազանց նշան մը տալու կարելիութիւնը»:
«Ժողովրդավարութեան վերադարձէն ի վեր, Արժանթինը աւանդութիւն դարձուցած է պետականութեան երեք համակարգերուն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Պէտք է զգոյշ ըլլանք միշտ, որովհետեւ յիշողականութիւնը կենդանի պահելը առիթ կու տայ որ նման դէպքեր չկրկնուին», ըսաւ Փերոնիսմօ փարա լա Վիքթորիա կուսակցութեան երեսփոխանը:
ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժանիկ Քէչեան իր պատգամը սկսաւ՝ ըսելով, թէ այս ձեռնարկը կը հաստատէ տասը տարիներ առաջ նոյն խորհրդարանին կողմէ ստանձնած յանձնառութիւնը՝ Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը: «Հարկ է նշել թէ Թիւ 26.199 օրէնքը շրջադարձելու, նուազեցնելու կամ անտեսանելի դարձնելու փորձերուն դէմ յանդիման՝ խորհրդարանը միշտ զօրավիգ կանգնեցաւ պատմական ճշմարտութեան»: Քէչեան յիշեցուց օրէնքի նախնական աշխատանքները՝ նշելով նոյնպէս 1987ի Սեպտեմբերին նախագահ Ռաուուլ Ալֆոնսինի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, Արժանթինի խորհրդարանի Երեսփոխանական պալատին եւ Ծերակոյտին ճանաչման զանազան յայտարարութիւնները։ Ան նաեւ յիշեց 1995ին խորհրդարանի երկու պալատներուն կողմէ օրէնքի մը նախագծի միաձայն ճանաչման հաստատումէն ետք նախագահ Քարլոս Մենեմի վեթօն, հասնելով օրէնքի հռչակման, 2007ին, նախագահ Նեսթոր Քիրչների կողմէ՝ «քաջութիւն ցոլացնող քայլ մը, որ արդէն տասը տարի է մեզ առիթ կու տայ յիշատակելու Ապրիլ 24ը որպէս «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ Յարգանքի Օր», ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Էսթեր Մկրտումեան իր խօսքին մէջ հարց տուաւ, եթէ «քաղաքակիրթ աշխարհը կրնայ ընդունիլ Թուրքիոյ ժխտողական կեցուածքը, որ արդէն դարձած է պետական քաղաքականութիւն»: Ան աւելցուց, ըսելով. «Տասը տարի առաջ Արժանթինի խորհրդարանը իր խօսքը յայտարարեց: Արդէն տասը տարի է որ Արժանթինի մէջ այս հարցի մասին կասկած չկայ: Օրէնքը պէտք է յարգուի ընկերութեան եւ պետութեան բոլոր խաւերուն կողմէ»: Եզրափակելով, Մկրտումեան շեշտեց, որ «1915 թուականէն սկսեալ, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած ողբերգութիւնը եւ Արժանթինի հայ համայնքի օրինակելի կեանքը պատճառ դարձան ճանաչման յայտարարութեան, որ բարձր կը պահէ այս երկիրն ու իր ընկերութիւնը»:
Ապա, ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յուշանուէրներ յանձնեց Թիւ 26.199 օրէնքի նախապատրաստական եւ ճանաչման աշխատանքներուն ընթացքին հիմնական դեր ունեցած խորհրդարանականներուն՝ Ռաֆայէլ Պիէլսային, Հերմես Պիննէրին, Քարլոս Ռայմունտիին, Ֆետերիքօ Փինետոյին, Միկել Անխել Փիչէթոյին, Ռուպէն Ճիւսթինիանիին, Էրնեսթօ Սանսին, Վիլմա Իպառային, Ակուսթին Ռոսսիին եւ Լիլիանա Նեկրէ տէ Ալոնսոյին:
Ձեռնարկին, հոծ բազմութեան մը կողքին, ներկայ էին Արժանթինի արտաքին գործոց նախկին նախարար Ռաֆայէլ Պիէլսա, նախկին դատախազ եւ արդարադատութեան նախկին նախարար տոքթ. Լէոն Քարլոս Արսլանեան, երեսփոխան տոքթ. Ռիքարտօ Ալֆոնսին, Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, Երեսփոխանական պալատի Միջազգային յարաբերութեանց ընդհանուր տնօրէն Խուան տէ Տիոս Սինքունեկի, Բազմակարծութեան եւ բազմամշակութայնութեան ազգային գրասենեակի տնօրէն Խուլիօ Քրոչի, Լիբանանի դեսպան Անթոնիօ Անտարի, Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոս Էլէն Արզումանեան, Յունաստանի հիւպատոս Քրիստոս Չաթցոփուլոս, ԻՆԱՏԻի նախագահի նախկին փոխանորդ եւ ՄԱԿի մէջ Մարդկային իրաւանց գերագոյն յանձնակատարի մասնագէտ Փետրօ Մուրատեան, ԻՆԱՏԻի նախկին նախագահուհի եւ Պուէնոս Այրես քաղաքի նախկին երեսփոխանուհի Մարիա Խօսէ Լուպերթինօ, «Այէրէօփուէրթոս Արխենթինա 2000» ընկերութեան նախագահ Մարթին Էռնէքեան, «Ռիվեր Փլէյ»չ ֆութպոլի խումբի փոխնախագահ եւ «Աէրէօփուէրթոս Արխենթինա 2000» ընկերութեան տնօրէն Մաթիաս Փաթանեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի զանազան կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներ: