ՊԱՔՈՒ.- ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման փաստաթուղթը նոյնն է, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով:
«Հաքքին»ի լրագրողին հետ խօսելով, Մամետեարով յայտնած է, որ «փաստաթուղթին վրայ աշխատանք տարուած է Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու մակարդակով, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին: Եւ այդ փաստաթուղթը այժմ հիմնականն է բանակցութիւններու սեղանին վրայ»:
Մամետեարով նաեւ ընդգծած է, որ Ատրպէյճան կողմ է առարկայական բանակցութիւններու մեկնարկին: