ԵՐՒԱՆ.- Շաբաթ, 10 Յունիսին, պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, արցախեան-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծին եւ հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանին վրայ տիրող իրադրութիւնը, համանախագահներուն հետ նոյն ձեւաչափով նախորդ հանդիպումէն ի վեր արձանագրուած զարգացումները:
«Պաշտպանութեան նախարարը զրուցակիցներուն ուշադրութեան հրաւիրեց առաջնագիծին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն՝ ողջունելով անոնց վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներու հասցէական արձագանգը: Իբրեւ տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան կարեւոր գրաւական՝ Վիգէն Սարգսեան ընդգծեց 2016ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն առաջնագիծին մէջ իրավիճակի դիտարկումներու եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման եւ անով հանդերձ՝ փոխադարձ վստահութեան միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը», կը նշուի պաշտպանութեան հաղորդագրութեան մէջ: