ԵՐԵՒԱՆ.- «Լեզուաքաղաքականութիւնը շատ կարեւոր գործառոյթ է, որը պէտք է անպայմա՛ն իրականացուի Հայաստանում», «Ազատութիւն» ռադիօկայանին հետ ասուլիսի մը ընթացքին նման յայտարարութիւն կատարած է Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը, պատասխանելով Լեզուի պետական տեսչութեան վերաբերեալ հարցումի մը:
Նախարարին կարծիքով՝ յառաջիկային Լեզուի պետական տեսչութիւնը պիտի չփակուի կամ անոր գործունէութիւնը անիմաստ պիտի չհամարուի:
Անդրադառնալով ընդհանուր համակարգէն ներս սպասուող փոփոխութիւններուն եւ հնարաւոր կրճատումներուն՝ նախարարը ըսած է, թէ, յստակօրէ՛ն, կրթութեան կառավարման համակարգը՝ սկսած նախարարութենէն, բաւական շատ բարեփոխումներու կարիք ունի:
«Համակարգում աշխատողները հիմնականում քաղծառայողներ են. նրանք վստահելով իրենց աշխատանքի կայունութեանը՝ մտ-նում են վարկային տարբեր ծրագրերի մէջ, եւ այդ պահին, եթէ առանց նախապատրաստելու՝ զուտ մեխանիկական կրճատումներ են սկսում անել, ապա մարդիկ կորցնում են ոչ միայն աշխատանքը, այլեւ շատ աւելի մեծ ֆինանսական բեռի տակ են մտնում: Դրա համար շատ կարեւոր է, որ բոլոր ծրագրերին շա՛տ աւելի լայն ու խորը նայել: Կրճատելիս՝ պէտք է այլընտրանք առաջարկել», ըսած է նախարար Մկրտչեան: