Լոնտոնի մէջ գտնուող «Կրենֆել Թաուըր» (Grenfell Tower) շէնքին մէջ, Յունիս 14ին սկիզբ առած հրդեհէն հայ ընտանիք մը հրաշքով փրկուած է:
Ըստ «Նիուզ»ի՝ «Թուտէյ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին 28ամեայ Մեսրոպ Քասեմճեան պատմած է, թէ ինչպէս օգնած է իր 68ամեայ ազգականուհիին եւ միասին դուրս եկած են այրող շէնքէն: «Շէնքը մոմի պէս սկսաւ այրելու: Ֆիլմ կը դիտէի, երբ տեսայ, որ հրդեհ բռնկուած է», պատմած է ան:
Մեսրոպն ու ընկերուհին արագ արթնացուցած են իր հօրաքրոջը ու դուրս եկած են բնակարանէն: Նշենք, որ Կասեմճեանները կը բնակէին շէնքի 17րդ յարկին վրայ:
University Centre Croydon համալսարանի ոճրաբանութեան դասախօս Մեսրոպ Քասեմջեան հրդեհին հետեւանքով կորսնցուցած է ամբողջ ունեցուածքը, ինչպէս նաեւ՝ դոկտորականի իր հետազօտութիւնը:
Այժմ անոր ուսանողները կը փորձեն 1500 ստերլինկ հաւաքել՝ իրենց դասախօսին հրդեհի հետեւանքով կորսնցուցած գիրքերը, համակարգիչը եւ դասաւանդելու եւ դոկտորականի հետազօտութեան համար օգտագործուող այլ սարքաւորումներ վերականգնելու համար, որպէսզի իրենց սիրելի դասախօսը կարենայ շարունակել դասաւանդումը եւ հետազօտութիւնը:
Յիշեցնենք, որ բազմաբնակարան շէնքին մէջ, հրդեհի հետեւանքով 70 անձեր մահացած են: Հրդեհը սկսած էր ներքեւի յարկերէն, որմէ ետք արագ տարածուած է վերեւ, որուն հետեւանքով ոմանք յայտնուած էին կրակի մէջ: