ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութիւնը (IAGS) բաց նամակ մը գրած է Աւստրալիոյ Յատուկ հեռարձակողներու ցանցի (SBS) ղեկավար Մայքըլ Էպէյտին՝ դատապարտելով Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ անոր որդեգրած քաղաքականութիւնը:
SBS-ը կը խուսափի Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր իրական անունով որակելէն: «Ցեղասպանութեան ժխտումը պատմութիւն չէ, այլ գաղափարական հարց է: Մենք հիասթափուած ենք, որ նման հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը, ինչպիսին է SBS-ը, ընտրած է այս ուղին», կ՛ըսուի Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նամակին մէջ:
2017ի Մայիսին, Աւստրալիոյ խորհրդարանական քննարկումներուն ընթացքին Կանաչներու ներկայացուցիչը Էպէյտէն խնդրած էր յստակեցնել «Օսթրելիըն» թերթին մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ տեղ գտած պնդումները: Յօդուածին մէջ կ՛ըսուէր, թէ SBS-ը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ունի յատուկ քաղաքականութիւն մը, որմով կ՛արգիլէ լրագրողներուն կատարուածին տալ ճիշդ որակաւորում՝ փոխարէնը առաջարկելով «հայերու զանգուածային կոտորած» տարբերակը:
Ի պատասխան հնչած հարցադրման՝ Էպէյտ ըսած էր. «SBS-ի մէջ մենք կատարուածը կ՛անուանենք «հայերու զանգուածային կոտորած, որ ոմանց կողմէ կ՛ընդունուի իբրեւ ցեղասպանութիւն»: Կը կարծեմ, նման կերպով մենք մեր ընթերցողներուն թոյլ կու տանք հասկնալ, որ սա վիճելի հարց է, որուն շուրջ ամբողջ աշխարհի մէջ պատմաբանները տարակարծութիւններ ունին»:
Էպէյտին ուղղուած բաց նամակին մէջ Ցեղասպանագէտներու միջազգային ընկերակցութեան նախագահ, փրոֆ. Էնտրու Ուոլֆըրտ նշած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը «հայկական միջապէպ» անուանելը, ինչպէս ան ըրած էր Ծերակոյտի լսումներուն ժամանակ, նոյնն է, ինչ որ Ողջակիզումը «հրէական միջադէպ» անուանելը:
«Իբրեւ ցեղասպանագէտներ՝ մեզի համար յատկապէս կարեւոր կէտ էր ձեր պնդումներուն մէջ այն, որ պատմաբանները կը վիճաբանին ցեղասպանութեան հարցին շուրջ: Ատիկա բացայայտ կեղծիք է: Կան ցեղասպանութիւնը ժխտող խումբ մը պատմաբաններ, որոնք, սակայն, ցեղասպանագէտներու մեծամասնութեան կողմէն չեն ընդունուիր իբրեւ ծանրակշիռ գիտնականներ», ըսած է Ուոլֆըրտ: Ան յորդորած է SBS-ին վերանայիլ իր քաղաքականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով: