ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ամերիկայի Ձայն».- «Միացեալ Նահանգները մտահոգ է հրադադարի վերջին խախտումներով, որոնք յանգեցուցած են բազմաթիւ զոհերու Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ», նշուած է Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
«Կողմերուն կոչ կ՛ընենք՝ խուսափելու իրավիճակը սրելէն եւ անյապաղ քայլերու դիմելու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ միջազգային սահմանին վրայ լարուածութիւնը մեղմացնելու համար», նշուած է հոն, ուր կը յիշեցուի նաեւ, թէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Յունիս 19ի իրենց յայտարարութեան մէջ կողմերուն կոչ ըրած են վերսկսելու առարկայական ու քաղաքական կամքի վրայ հիմնուած բանակցութիւնները:
«Համանախագահները շեշտած են, որ բանակցութիւնները միակ ուղին են, որ թոյլ պիտի տան երկարաժամկէտ խաղաղութիւն ապահովելու տարածաշրջանի ժողովուրդին համար, որ կը սպասէ ու արժանի է յառաջընթացի՝ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ գործակցիլ կողմերուն հետ: Մինսկի խմբակի համանախագահներուն աջակցող մեր քաղաքականութեան նպատակն է հասնիլ տագնապին արդար կարգաւորման, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ միջզգային իրաւունքի վրայ, ներառնելով Հելսինքեան ամփոփիչ որոշումը։ Յոյժ կարեւոր է ուժ չկիրառել եւ յարգել տարածքային ամբողջականութեան ու ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքները», նշուած է յայտարարութեան մէջ: