Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Ահմարանեան Յովհաննէս, «Մարմնաւոր Հրեշտակը՝ Գրիգոր Նարեկացի», Լոս Անճելըս, 2016:
– Արթինեան-Թոքաթլեան Շուշան, «Մեծ Հօրս Եւ Մեծ Մօրս Ոդիսականը Ուրֆայէն Եւ Կերմիրէն Պէյրու»չ, Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան հրատարակչական հիմնադրամ թիւ 18, տպարան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Անթիլիաս-Լիբանան, 2016 (Մեծ Եղեռնէն վերապրողներու յուշեր, անգլերէն):
– Դադայեան Խաչատուր, «Հայոց Տնտեսական Ցեղասպանութիւն», «Էդիտ Փրին»չ հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 516 էջ (17 x 24 սմ.) (մինչեւ Մեծ Եղեռնը հայոց դերը Օսմանեան պետութեան տնտեսութեան մէջ, հայ երեւելի գործարարներու կենսագրութիւններ, հայոց պատկանող ընկերութիւններ, բացատրական բառարան, բազմահարիւր դիմանկարներ, լուսանկարներ եւ համայնապատկերներ):
– Մարտիրոսեան Հայկ, «Գերմանական Միսիոներական Գործունէութիւնն Օսմանեան Կայսրութիւնում. Մարաշի Կայանը (1896-1919 թթ.)», Երեւան, 2016: Հատորը լոյս տեսած է ՀՀ ԳԱԱի Արեւելագիտութեան հիմնարկի Գիտական խորհուրդին որոշումով:
– Մինասեան Գէորգ, «Պելկիան Եւ Հայերը», Պրիւքսէլ, 2016, 370 էջ (Պելճիքայի հայկական գաղութը՝ 3րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը, պատմութիւն, երեւելի պելճիքահայերու կենսագրութիւններ):
– Յովհաննիսեան Ռիչըրտ Գ. (խմբագիր), «Հիւսիս-Արեւելեան Միջերկրականի Հայկական Համայնքները – Մուսա Տաղ-Տէօրթ Եօլ-Քեսապ», «Հայկական Պատմական Քաղաքներ Եւ Նահանգներ» մատենաշար թիւ 14, «Մազտա» հրատարակչութիւն, Լոս Անճելըս, 2016 (Եու.Սի.Էլ.Էյ. համալսարանին մէջ նշուած տարածաշրջանի հայութեան վերաբերեալ գիտաժողովի նիւթերը, անգլերէն):
– Նալպանտեան Յովսէփ, «Հայ Գիրքը Ամերիկայի Մէջ (յաւելուած)», Լոս Անճելըս, 2016, 76 էջ (ամերիկահայ 327 հրատարակութիւններու մատենագիտութիւնը):
– Շառոյեան Լեւոն, «Լեռնականներու Վերջին Շառաւիղը՝ Սիմոն Սիմոնեան», հեղինակային հրատարակութիւն, տպարան «Էդիտ Փրին»չ, Երեւան, 2016, 68 էջ (Ա-5) (սփիւռքահայ մեծանուն մտաւորականի վաստակին համակողմանի ներկայացումը):
– Վարդիվառեան Յակոբ, «Մեծ Երազի Ճամբուն Ուղեւորները Եւ Համապարփակ Պատմութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան-Վերակազմեալ Հնչակեան Կուսակցութիւն, Գաղափարակցական Միութիւն, Ազատական Կուսակցութիւն, Հայ Ազգային Ազատական Միութիւն», հրատարակութիւն Թէքէեան Մշակութային Միութեան, Նիւ Ճըրզի, 2016:
– Քասունի Երուանդ, «Մտորումներ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցիի Մասին», տպագրութիւն «Քէստէնեան», Պէյրութ, 2016, 502 էջ (17 x 24 սմ.), հեղինակի՝ Պէյրութի «Ջանասէր» պարբերաթերթի իր խմբագրած ժամանակաշրջանին՝ 1991-2007, հոն լոյս տեսած հրապարակումները Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ եւ յարակից հարցերու մասին, յաւելուած՝ նոյն եկեղեցւոյ առնչուած տարբեր փաստաթուղթեր եւ զանազան նիւթեր):
– Քովաքս Ֆրէնք Լ., «Հայկական Դրամահատութիւնը Դասական Ժամանակաշրջանին», «Դասական Դրամագիտական Հետազօտութիւններ» մատենաշար թիւ 10, հրատարակութիւն Դասական դրամագիտական խմբակի, Ա. Մ. Ն., 2016, 142 էջ (շուրջ Ք. Ա. 275էն մինչեւ շուրջ Ք. Ե. 252 հատուած հայկական կամ հայազգի թագաւորներու հատած աւելի քան 300 դրամներու ալպոմ-նկարագրութիւնը, բազմաթիւ գունաւոր լուսանկարներ, անգլերէն):
– Օլկուն Աւետիս, «Զառացի Դերձակուհի Վարդանոյշին Յուշերը», Պոլիս, 2016 (հանրապետական Թուրքիոյ մէջ Սեբաստիոյ նահանգի Զառա գաւառի քրիստոնեայ, ծպտեալ եւ իսլամացուած հայոց տառապալից կեանքին մասին, թրքերէն):
– Ա-Դօ, «Մեծ Դէպքերը Վասպուրական-Վանի Մէջ», հայերէնէ թարգմանեց Ալիս Գըղըլեան, Փարիզ, 2017 (ֆրանսերէն):
– Աղպաշեան Համբարձում, «Յուշամատեան Իրաքի ՀԲԸ Միութեան (1911-2011)», տպարան «Երեւան», Կլենտէյլ, Դեկտեմբեր 2016:
– Այվազեան Միքայէլ, «Ովքե՞ր Են Սպանել Ճեմալ Փաշային», երկրորդ, լրամշակուած հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Գէորգ Խուդինեան, «Ֆենոմեն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 136 էջ (Ա-5) (լուսանկարներ, քանի մը անձերու կենսագրական տուեալներ, Մեծ Եղեռնի դահճապետներէն Ճեմալի եւ մերձաւորներու սպանութեանց վայրի յատակագիծը): Լոյս տեսած է ճարտարապետ Սերոժ Սուքիասեանի հովանաւորութեամբ՝ ի յիշատակ իր եղբօր՝ Վահանի:
– Թովմասեան Պետրոս Մ., «Աբբասեան Խալիֆայութեան Վերջին Պատմաշրջանը Եւ Հայութիւնը (991-1258թթ.) (Հայկական Ծագումով Աբբասեան Խալիֆաները)», ՀՀԳԱԱի Պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ արք. Աշճեան մատենաշար» թիւ 146, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 200 էջ (Ա-5) (քարտէսներ, օգտագործուած գրականութեան, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):
– Կարախանեան Վալենթինա-Վարդուհի եւ Վիքանօ Օմար, «Սուրբ Աթոռը Եւ Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Կոտորածը», Հռոմ, 2017 (Մեծ Եղեռնի տարիներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ պապական նուիրակ Անճելօ Մարիա Տոլչիի եւ Պենետիքթոս ԺԵ. պապի դիւանագիտական քայլերը հայերը ցեղասպանութենէն փրկելու ուղղութեամբ, փաստաթուղթեր, իտալերէն): Հատորը նուիրուած է կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս-պատրիարքի յիշատակին:
– Յակոբեան Գէորգ Պ., «Պատմութիւն Իսթանպուլահայ Ուսումնական Կեանքի Եւ Կրթական Հաստատութիւններու», հրատարակութիւն «Փարոս», Պոլիս, 2016, 800 էջ (17 x 24 սմ.):
– Նագգաշեան Անուշ, «Այդ Սերմը Ես Էի…», տպարան «Նոյ», Երուսաղէմ, 2016, 134 էջ (17 x 24 սմ., հեղինակը կը ներկայացնէ Նագգաշեան ընտանիքին պատմութիւնը, որուն մէջ հիմնական տեղը Կէմէրէկ ծնած իր մեծ մօր՝ վեր. Ղազար Գալուստեանի դուստր Աննայի ականատեսի վկայութիւններն են Մեծ Եղեռնի սարսափներէն):
– Ստեփանեան Խաչատուր Ռոստոմի, «1921թ. Փետրուարեան Ապստամբութեան Պատճառները Եւ Հետեւանքները Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930ական թթ.)», «Լուսակն», Երեւան, 2016, 200 էջ (Ա-5):
– Սրապեան Յովհաննէս Յակոբ Տոքթ., «Թուրքիոյ Գեհենէն Տարագրութիւն-Յուշք Նամականի», հրատարակուած է որդիին՝ տոքթ. Հրայր Սրապեանի նախաձեռնութեամբ, տպարանի անունը չէ նշուած (տպագրութիւն Քեստէնեան), Պէյրութ, 96 էջ (17 x 23.5 սմ., (Խարբերդի Հիւսէյնիկ գիւղացի, յետագային Ճիպէյլի որբանոցի ատամնաբոյժի 1899-1925 ժամանակաշրջանի կեանքը, ներառեալ ականատեսի յուշերը Մեծ Եղեռնէն, Սրապեան ընտանիքի խմբանկար եւ հայր ու որդի բժիշկներուն լուսանկարները):
– Քաջազնունի Յովհաննէս, «Ազգ Եւ Հայրենիք», վերահրատարակութիւն Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի, Երեւան, 2016:
– «Ազդակ», 90ամեակի բացառիկ թիւ, 8 Մարտ 2017, 450 էջ (Ա-4) (ՀՅԴի Լիբանանի պաշտօնաթերթ-օրաթերթին պատմութիւնը, գնահատական գիրեր, հարցազրոյցներ, յուշեր, լուսանկարներ եւ առնչակից զանազան նիւթեր):
– «Օրորա», խմբագիր՝ Էնթընի Սլայտ, անգլերէնէ թարգմանեց Էվրիմ Քայեա, հրատարակութեան պատրաստեց Սօսի Տոլանօղլու, «Արաս» հրատարակչութիւն, Պոլիս, 2017 (Մեծ Եղեռնի գեհենէն վերապրած չմշկածագցի Արշալոյս Մարտիկեանի (Օրորա Մարտիկանեան) ականատեսի վկայութիւնները, թրքերէն):
– «Բարսեղ Կանաչեան (1885-1967). Կեանքի Մը Երաժշտացումը», Տագէսեան Անդրանիկ (աշխատասիրեց), Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2017:
– «Գասարճեան Յակոբ Ս.-Նուիրում ՌԱԿի Ճամբով-Յիսնամեայ Գործունէութեան Արձանագրութիւն», հաւաքեց եւ խմբագրեց Յովիկ Էօրտեքեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2016, 332 էջ (17 x 23.4 սմ., լիբանանահայ կուսակցական, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ, Լիբանանի խորհրդարանի երբեմնի երեսփոխան, գործարար Յակոբ որդի Սեդրակի Գասարճեանի կեանքն ու գործունէութիւնը, անոր ելոյթները, հարցազրոյցներ անոր հետ, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր բազմաթիւ լուսանկարներ հայ եւ օտար երեւելի դէմքերու հետ):
– «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Արմատները Եւ Հետեւանքները (1915-1923)», Յովհաննիսեան Իսակ (աշխատասիրեց), «Սալես» հրատարակչութիւն, Թեհրան, 2017, պարսկերէն):