ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ «Անգարայէն ստացուած տեղեկատուութեանց լոյսի տակ»՝ Քսաններու խմբակի (G20) գերաստիճանին համար Համպուրկ ժամանող թրքական պատուիրակութեան մէջ պիտի չըլլան այն թիկնապահները, որոնք Ուաշիկնթընի մէջ խաղաղ ցուցարարներու վրայ յարձակած էին։
Նախարարութիւնը նաեւ չէ հերքած այն տեղեկատուութիւնները, թէ Գերմանիոյ իշխանութիւնները պահանջած են Անգարայէն, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ չներառէ նշեալ թիկնապահները, որոնցմէ 12ը կը հետապնդուին ամերիկեան իշխանութիւններուն կողմէ։
Յիշեցնենք, որ Սպիտակ տան մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միացեալ Նահանգներու անոր պաշտօնակից Տանըլտ Թրամփի միջեւ հանդիպման առիթով կազմակերպուած ցոյցին մասնակցած էին շարք մը կազմակերպութիւններու համակիրներ, ներառեալ՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը: Ցոյցին մասնակցած էին հայկական, յունական, քրտական, եզիտիներու եւ ասորական համայնքներու ներկայացուցիչներ։