ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, 30 Յունիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 2016 թուականի պետական պիւտճէի կատարողականի հաշուետուութեան քննարկումներուն ընթացքին յայտարարեց, որ Արցախի հիմնախնդիրին շուրջ ոչ մէկ փաստաթուղթ կրնայ ստորագրուիլ՝ առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի մասնակցութեան:
«Այս մասին կ՛ըսուի Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ գլխաւոր գրասենեակին մէջ պահուող բանակցային փաստաթուղթերուն մէջ», աւելցուց ան:
Նալբանդեան նաեւ յայտնեց, թէ հաւանական է, որ Յուլիսին ինք հանդիպում ունենայ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի հետ:
Նշենք, որ ռուսական «Ռիա Նովոսթի» լրատուական գործակալութիւնը, վկայակոչելով դիւանագիտական աղբիւրներ՝ յայտնած է, որ Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 11ին, աւստրիական Մաուերպախ քաղաքին մէջ: