Հայ Օգնութեան Միութիւնը Հայաստանի նախագահի աշխատակազմին կողմէ յատկացուող դրամաշնորհին եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի ծիրին մէջ այցելած է Արցախի զօրամասերէն մէկը:
«Մենք ուժեղ ենք, երբ միասին ենք» խորագիրով ծրագիրը մեկնարկեց Քարվաճառի այն տարածքին մէջ, ուր զոհուած էր Շուշիի գումարտակի փոխհրամանատար Պետրոս Ղեւոնդեան՝ Պետօն: Այստեղ ծրագիրին մասնակցողները ծաղիկներ խոնարհեցին Պետոյի յիշատակին կառուցուած յուշաքարին:
Յաջորդ կանգառը Արցախի սահմանային զօրամասն էր: Այստեղ հայրենիքին համար նահատակուած ազատամարտիկ Վահէ Բաղդասարեանի անունը կրող պահակակէտերուն մէջ բացուեցան Վահէի յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակներ, զինծառայողներուն եւ ներկաներուն բաժանուեցան Վահէ Բաղդասարեանի մասին պատմող թերթիկներ:
ՀՕՄի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Դիանա Յովսէփեան յայտնեց. «Իւրաքանչիւր զոհուածի յիշատակը մեզի համար սուրբ է, եւ մենք երբեք իրաւունք չունինք մոռնալու, որ մեր կողքին ապրած են լուռ, անխօս հերոսներ:
Ծրագիրի ծիրին մէջ բացուեցաւ նաեւ լուսանկարիչ Յակոբ Պօղոսեանի «25 Տարի Անց» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը: Լուսանկարները կը պատմեն 1992-93 թուականներու Արցախեան եւ 2016ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմներուն ու անոնց մասնակից հերոսներուն մասին:
Տեղի ունեցաւ նաեւ կրթական ծրագիր: Հայաստանի կրութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, ՀՕՄուհի Օֆելիա Գրիգորեան զինծառայողներուն ներկայացուց կրթական այն հնարաւորութիւնները, պայմանները, որոնցմէ անոնք կրնան օգտուիլ ժամկէտային զինծառայութիւնը աւարտելէ ետք:
Զօրամաս այցելողներու շարքին էր նաեւ սփիւռքահայ թատերագէտ, բեմադրիչ եւ բանաստեղծ Հրանդ Մարգարեան: Ան պարբերաբար կ՛այցելէ Արցախ աշխարհ եւ զօրամասեր՝ աջակցութիւն տրամադրելու: Մարգարեան կը նշէ, որ իրենց նպատակը հայրենիքը զօրացնելն է. «Արցախը մեզի համար ազգային հիմնախնդիր է, եւ մեր ուժերը պէտք է կեդրոնացնենք զայն պահել-պահպանելու համար»:
ՀՕՄուհիները զինծառայողներուն փոխանցեցին Հայաստանի եւ Սփիւռքի կրթօճախներու աշակերտներու նամակները, որոնց մէջ երեխաները իրենց բարեմաղթանքները ուղղած էին սահմանը պահող տղաներուն:
Արցախեան այցելութիւնը ամփոփուեցաւ մշակութային ծրագիրով մը՝ հայրենասիրական երգ ու պարով, որոնց իրենց կատարումներով միացան նաեւ զինծառայողները: