ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ հակառակորդի նախայարձակ գործողութիւնները ճնշելու համար, պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը Երեքշաբթի, Յուլիս 4ի երեկոյեան ստիպուած եղած են ձեռնարկելու պատասխան գործողութիւններու, որոնց իբրեւ արդիւնք վնաս հասցուած է Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած կրակակէտին: Պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ծառայութիւններուն տրամադրած տուեալներով՝ հակառակորդը ունի կորուստներ.
Ատրպէյճանի բանակի սադրանքին պատճառով Ալխանլու գիւղի երկու բնակիչներ՝ 52ամեայ կին մը եւ 2 տարեկան աղջիկ մը կորսնցուցած են իրենց կեանքը:
Ատրպէյճանական սադրիչ գործողութիւններուն հետեւանքով պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը աւելի կանուխ տեղեկացուցած էր, որ 4 Յուլիսին, շփման գիծի տարբեր հատուածներու մէջ ատրպէյճանական կողմը շարունակած է խախտել զինադադարի պահպանման դրութիւնը: «Յատկապէս, ժամը 11:30-11:35ին, արեւելեան ուղղութեամբ ատրպէյճանական կողմը կիրարկած է 82 միլիմեթրանոց ականանետ (4 արկ), նոյն հատուածին մէջ ժամը 12:45-12:55ի սահմաններուն՝ հաստոցաւոր հակահրասայլային նռնականետ (3 արկ), հարաւային ուղղութեամբ՝ ժամը 13:35ին 60 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ), 19:10ին՝ 60 միլիմեթրանոց ականանետ (2 արկ), իսկ 20:20-20:30ի շուրջ, Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած զինուորական կեդրոնէն ատրպէյճանական զինուժը ՏՌ-107 տեսակի համազարկային հրթիռային համակարգերէ (5 արկ) կրակ բացած է հարաւային ուղղութեամբ գործող զօրամասերէն մէկուն հրամանատարական կէտին ուղղութեամբ՝ 20:48ին, կիրարկելով նաեւ 82 միլիմեթրանոց ականանետ (3 արկ)», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
«Կատարուածին հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ Պաքուի զինուորական-քաղաքական ղեկավարութիւնը», շեշտած է Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին խօսած է Յուլիս 4ին Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին վրայ Ատրպէյճանի ձեռնարկած սադրանքին եւ ատոր հետեւանքներուն մասին: Այս մասին յայտնած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Տիգրան Բալայեան:
«Արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ Քասփըրչիքի հետ հեռաձայնային զրոյցներուն ընթացքին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի սադրանքի հետեւանքները», յայտնած է ան: