ԵՐԵՒԱՆ.- Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Սոնիա Աքեանները անցեալ ամիս ներկայ եղան Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան բաժանմունքին պաշտօնական բացման արարողութեան։
Աքեաններու անունով մկրտուած բաժանմունքը բարձրորակ եւ արդիական դաստիարակութիւն կը փոխանցէ երկրի ապագայ գիտնականներուն, շնորհիւ ուսանողներու, դասախօսներու եւ ուսումնասիրողներու միջեւ հաղորդակցական սերտ կապերուն։
Աքեան բարերար ամոլը բարեսիրական շարք մը ծրագիրներ իրականացուցած է նաեւ Արեւմտեան թեմէն ներս։