ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով «ՌԻԱ Նովոսթի»ին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, թէ Պաքու կը քննէ Ռուսիայէն յաւելեալ զէնքեր գնելու կարելիութիւնը, եւ այդ նպատակով ուսումնասիրութեանց սկսած է ու փորձարկումներ կ՛իրականացնէ արդէն։
Հասանով աւելի կանուխ ըսած էր, թէ Ռուսիայէն հրասայլերու, համազարկային կրակոցներու դէմ դնող համակարգերու եւ ռազմական այլ սարքաւորումներու մատակարարման նպատակով, Մոսկուա-Պաքու պայմանագիրը (որուն արժէքը կը գնահատուի 5 միլիառ տոլարով) արդէն իսկ իրականացած է 90 տոկոսով: Պաքուի գնած սպառազինութեան նորագոյն մասնաբաժինը մատակարարուած է անցած Յունիսին, եւ ըստ նախարարին՝ «մնացեր են մանրուքներ»: