ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի հոգաբարձական կազմը Մարալ Արոյեան-Պոյաճեանը նշանակած է որպէս 2017-2018 կրթական տարեշրջանի տնօրէնուհի:
Մարալ Պոյաճեան այս դպրոցի առաջին տնօրէն դոկտ. Բենիամին Արոյեանի դուստրը ըլլալով՝ փոքր տարիքէն արդէն շատ մեծ փափաք ունեցած է ուսումի, ինչպէս նաեւ ձգտում՝ կրթական առաջնորդ ըլլալու: Իբրեւ դպրոցիս հպարտ շրջանաւարտուհի, Մարալ չորս տարիներ աշխատած է մանկապարտէզի բաժինին մէջ՝ իբրեւ օգնական: Մագիստրոսի վկայականը ստանալէ ետք, ան նաեւ տիրացած է վարժապետական համապատասխան դասընթացքի վկայականին: Տասնչորս տարիներ եղած է Սահակ-Մեսրոպ վարժարանի Ա. կարգի նուիրուած դաստիարակ: Դպրոցի աշակերտներուն եւ ծնողներուն վստահութիւնը եւ ներդրումը շահելու կողքին, Պոյաճեան նաեւ գործօն մասնակցութիւն ունեցած է՝ դպրոցս վարկաւորում ստանալու աշխատանքին մէջ:
Պոյաճեան նաեւ դպրոցի հոգեւոր տեսչուհին ըլլալով՝ մեծապէս օգնած է աշակերտներուն, Աստուածաշնչային գիտութեան վերելքին մէջ:
2016-2017 տարեշրջանին, Պոյաճեան եղաւ Քրիսթըն Ս. Սարեան մանկամսուր-մանկապարտէզի տնօրէնուհին՝ ծաղկեցնելով դպրոցիս այս բաժինը: Անցած տարուան ընթացքին, այս բազմատաղանդ դաստիարակչուհին կազմակերպեց եւ առաջնորդեց օգտակար եւ հետաքրքրական յայտագիրներ՝ միշտ քաջալերելով գործակից ուսուցչուհիները, ինչպէս նաեւ սիրելով իր սիրասուն աշակերտները ու յարգելով ծնողները:
Պոյաճեան եկեղեցիին մէջ եւս շատ գործօն եղած է: Ան տարիներէ ի վեր կը կազմակերպէ ամառնային Սուրբ Գրոց դպրոցը, նաեւ՝ Ծնունդի յատուկ յայտագիրներ, կիրակնօրեայ համագումարներ եւ մանուկներու յատուկ գործունէութիւններ:
Վստահ ենք, որ Պոյաճեան, իբրեւ հարազատ զաւակը այս դպրոցին, իր աստուածատուր տաղանդով, ուսման հանդէպ ունեցած բացառիկ սիրով եւ գիտութեամբ, դպրոցը պիտի ծաղկեցնէ անգամ մը եւս՝ «Վասն Յիսուսի եւ վասն Հայրենեաց»: Աշակերտները պիտի զարգանան իմաստութեամբ ու հասակով, ստանալով քրիստոնէական, հայկական եւ բարձրորակ կրթութիւն:
Նորանոր յաջողութիւններ, անսպառ համբերութիւն, երկնային սէր եւ զօրութիւն կը հայցենք Աստուծմէ՝ մեր նոր տնօրէնուհի Մարալ Արոյեան-Պոյաճեանին:
(Թղթակցութիւնը՝ Վարժարանէն)