Յուլիս 11ին եւ 12ին, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվար Միջազգայնականի (ԸՄ) խորհուրդի ժողովը, որուն առաջին նիստին հիւրաբար խօսք առաւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես: ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը իր ուղերձին մէջ յատկապէս անդրադարձաւ զինեալ բախումներու պատճառով ստեղծուած տեղահանուածներու համատարած տագ-նապին, աշխարհը պատուհասող միջազգային ահաբեկչութեան եւ կենսոլորտի փոփոխութեան ճգ-նաժամին եւ երիտասարդութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մանաւանդ շեշտելով համատարած անգործութեան լուծումներ գտնելու հրամայականը:
ՄԱԿի մէջ այս ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար Միջազգայնականի լիիրաւ անդամ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: Հայաստանը ներկայացնող ՀՅ Դաշնակցութեան պատուիրակութը կը գլխաւորէր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, իսկ այդ պատուիրակութեան անդամներն էին՝ Վահագն Գարագաշեան (Գանատա), Սանտրա Վարդանեան (Միացեալ Նահանգներ), Մարալ Չոլոյեան (Միացեալ Նահանգներ), Սեւակ Պելեան (Գանատա), Յակոբ Յակոբեան (Գանատա), Նարէ Քիւփէլեան (Միացեալ Նահանգներ):
Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴի անդամ Մարիօ Նալպանտեան Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ է, իսկ Արմէն Ռուստամեան տարածաշրջանի յանծնաժողովի նախագահ է։
Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աճալա յատուկ կերպով անդրադարձաւ Թուրքիոյ ներքաղաքական կացութեան եւ անոր իշխանութիւններուն ի գործ դրած բռնաճնշումներուն: Խօսք առաւ Թուրքիոյ CHP կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ումութ Օրան, որ յայտնեց, թէ ներկայ դրութեամբ Անգարայի իշխանութեանց հալածանքներուն իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած է 50 հազար քաղաքացի, 164 լրագրող, եւ 12 խորհրդարանի անդամ ու փակուած՝ 200 լրատուամիջոց: Ան հաստատեց նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր ոտնակոխուած են մարդ անհատի իրաւունքները, խօսքի ազատութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ընկերվար Միջազգայնականի մեծ ընտանիքի ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արազ Ալիզատէ խօսք առնելով՝ յայտարարեց, որ Ղարաբաղի հայերը ռուսերու անմիջական օժանդակութեամբ գրաւած են Ատրպէյճանի 20 տոկոսը: Հայաստանի ներկայ ու նախկին նախագահները որակեց որպէս Ղարաբաղի մաֆիա եւ նշեց, որ 2016ի Ապրիլին հայկական կողմի յարձակումը սանձելու նպատակով միայն Պաքուն զինուորական գործողութեամբ հակադարձեց: Ըստ Ալիզատէի՝ անցնող քառասուն օրերուն հայերը 30 երեխաներ սպաննած են: Ալիզատէ նաեւ կոչ ուղղեց վերջ տալու ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի միջնորդական առաքելութեան եւ Ղարաբաղի հարցը յանձնելու ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդին:
Ընկերվար Միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Աժալա խօսքը փոխանցեց ՀՅԴ պատուիրակութեան ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին, որ առաջին հերթին ցաւ յայտնեց ատրպէյճանցի ներկայացուցիչի ապատեղեկատուական, անարգալի ու զգացական զեղումներով կատարած անընդունելի ելոյթին համար: Ան յայտնեց, որ 2016ի Ապրիլեան ատրպէյճանական գրոհը մեծ խախտում էր 1994ի Ատրպէյճանի իսկ ստորագրութիւնը կրող հրադադարին եւ կը միտէր բռնկեցնել Արցախի ու Հայաստանի սահմանները՝ նոր պատերազմի մը սկիզբ տալով. ատրպէյճանական նախայարձակ բանակը ոչ միայն խախտեց պատերազմական միջազգային օրէնքը, այլ խողխողումի ենթարկեց սահմանամերձ խաղաղ հայ բնակիչներ, որոնց մէջ տարեցներ եւ երեխաներ. այս խժդժութիւնները կը վերյիշեցնէին Սումկայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ հայերու դէմ գործադրուած սպանդները, որոնց միջոցաւ Պաքուն բնաջնջեց Ատրպէյճանի մէջ բնակող հայութեան կարեւոր տոկոսը ու մնացեալն ալ աքսորեց իր երկրէն դուրս: Ան շեշտեց, որ Ղարաբաղը երբեք մաս չէ կազմած անկախ Ատրպէյճանին, այլ Խորհրդային իշխանութիւններու կամայական որոշումով զետեղուած էր Խորհրդային Ատրպէյճանի հովանիին տակ Ստալինեան օրերուն:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան կոչ ուղղեց Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան պատուիրակութեան, ապատեղեկատուութիւն եւ ատելութիւն սերմանելու փոխարէն իր պետութիւնը մղէ, որ Ղարաբաղի հարցը Մինսկի խմբակի միջոցաւ ու քաղաքակիրթ երկխօսութեան ճամբով լուծելու հետամուտ ըլլայ:
Երկօրեայ այս ժողովին ընթացքին ՀՅԴ պատուիրակութիւնը, օրակարգերու քննարկումներու մասնակցութեան առընթեր, հանդիպումներ ունեցաւ Լատին Ամերիկայի, Արեւմտեան Եւրոպայի, Ռուսիոյ, Պելոռուսի, Ղազախստանի, Թուրքիոյ, Արաբական աշխարհի, Կիպրոսի, Քոսովոյի, Իսրայէլի, Քրտական կազմակերպութիւններու եւ Ընկերվար Միջազգայնականի Կանացի կազմակերպութեան պատուիրակութեանց հետ: