ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Կլենտէյլ հաստատուած Տէյվիտ Երէմեանի եւ գործակիցներուն իրաւաբանական հիմնարկը, Լոս Անճելըսի դաշնակցային շրջանային ատեանին մէջ դատ բացած է «Նորտսթրոմ» վաճառատան «Թրանք Քլապ» բաժանմունքին դէմ, զայն ամբաստանելով պաշտօնեաներուն իրաւունքները ոտնակոխելու յանցանքով։
Իրաւաբան Տէյվիտ Երէմեան կը յայտնէ, թէ նախկին պաշտօնեայ մը շարք մը բողոքներ ներկայացուցած է այն մասին, թէ «Թրանք Քլապ»ի պատասխանատուները, խախտելով դաշնակցային եւ Քալիֆորնիոյ աշխատաւորական օրէնքները՝ կը պարտադրեն պաշտօնեաներուն, որ առանց վարձատրութեան յաւելեալ ժամեր աշխատին, տունէն աշխատին եւ հետեւին յաւելեալ մարզումներու։
Դատին կրնան միանալ 2014էն ի վեր այդ բաժանմունքին՝ Լոս Անճելըսի, Շիքակոյի, Պոսթընի, Տալասի, Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի, Չարլզթընի (Հարաւային Քերոլայնա) եւ Հայլընտ Փարքի (Իլինոյ) համար աշխատած հարիւրաւոր պաշտօնեաներ։
Յայտնենք, որ «Նորտսթրոմ»ը 2014ին գնած էր Շիքակոյի մէջ հաստատուած «Թրանք Քլապ»ը։
Դատին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 230-8380 թիւին, կամ՝ David@ YeremianLaw.com հասցէին։