
ՊԱՍԹԱՏ, ԿԱԹԻՆՕ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Գանատայի Կաթինօ քաղաքին մէջ կայացող «Էյ.Թի.Փի. Չելենճըր» մակարդակի միջազգային մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն, ամերիկահայ Ալեքսանտր Սարգիսեան Յուլիս 21ին 6-3, 4-6, 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց հնդիկ Եուքի Պհամպրին՝ հասնելով կիսաւարտականին։
Սակայն, Յուլիս 22ին կայացած կիսաւարտական մրցումին, Սարգիսեան 3-6, 4-6 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց մրցաշարքին մէջ 7րդ դասուած գանատացի Տենիս Շափաւալովէն՝ չկարենալով աւարտականին հասնիլ։
Նշենք, որ Շափաւալով յաջորդ օրը բարձրացուց մրցաշարքին բաժակը՝ պարտութեան մատնելով այլ գանատացի մը՝ 5րդ դասուած Փիթըր Փոլանսքին։
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ թենիսի թիւ մէկ մարզիկ՝ հայազգի Կարէն Խաչանով, Շուէտի Պասթատ քաղաքին մէջ կայացող «ՍքիՍթար» մրցաշարքի («Էյ.Թի.Փի. 250» մակարդակի) քառորդ աւարտականին, 6-7 (5-7), 6-3, 6-7 (2-7) արդիւնքով անակնկալ պարտութիւն մը կրեց՝ սուր պայքար մղելէ ետք ուքրանացի Ալեքսանտր Տոլկոփոլովի դէմ, որ իր կարգին, աւարտական հանգրուանին պարտուեցաւ սպանացի Տաւիտ Ֆերերէն։
Աւելցնենք, որ Յուլիս 24ին հրապարակուած թենիսի աշխարհի լաւագոյն մարզիկներու նորագոյն ցանկին վրայ, Խաչանով մէկ դիրքի ոստում մը ապահովելով՝ բարձրացած է 32րդ դիրք, իսկ Սարգիսեան 21 դիրքի ոստումով՝ այժմ 234րդ հորիզոնականը կը գրաւէ։
