ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 10ին, 86րդ անգամն ըլլալով Ստեփանակերտ ժամանեց Մեծն Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան լորտերու պալատի անդամ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս:
Ստեփանակերտի մէջ Քոքսը ընդունեցին Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան եւ արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան:
Երկու պաշտօնատարները մեծապէս գնահատեցին պարոնուհի Քոքսի վաստակը՝ միջազգային հարթակին վրայ Արցախի եւ անոր ժողովուրդի շահերու պաշտպանութեան, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան վերաբերեալ անաչառ տեղեկատուութեան տարածման գործին մէջ: