ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ Ազգ. Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանի եւ ՀՕՄի «Մայր» մասնաճիւղի հովանիին տակ գործող Մարի Փոստոյեան մանկամսուրին վարիչ նշանակուած է Քրիսթինա Պետերեան-Մովսէսեանը։
Ան պսակաւոր ու մագիստրոս արուեստից վկայականները ստացած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն եւ 15 տարիներու ուսուցչական ու վարչական փորձառութիւն ունի մանկամսուրներու եւ նախակրթարաններու մէջ։
«Մանկամսուրին համար լաւագոյն վարիչը ընտրելու մեր ծաւալուն փնտռտուքէն ետք, որոշեցինք Քրիսթինա Պետերեան-Մովսէսեանը այդ պաշտօնին նշանակել, նկատի ունենալով անոր ցուցաբերած խանդավառութիւնն ու ապահոված յատկանշական փորձառութիւնը։ Վստահ ենք, որ ան գոհացում պիտի տայ մեր աշակերտներու կարիքներուն՝ մօտէն գործակցելով ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ անձնակազմին հետ», կը յայտնէ խնամակալ մարմինի ատենապետ Լիզա Կապուտեան։