ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան տարեկան դաշտահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Սեպտեմբեր 24ին, տոքթ. եւ տիկ. Շանթ Քենտերեաններու Փասատինայի բնակարանին մէջ, կ.ե. ժամը 5էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 11:
Մասնակցութեան սակը 40 տոլար է (ընկերակցութեան անդամներուն համար՝ 30 տոլար), ներառեալ՝ ընթրիք:
Հաւաքը առիթ մը պիտի ըլլայ հայ գիտնականներուն, որ հայկական երգերու եւ պարերու հաճելի մթնոլորտի մէջ իրարու ծանօթանան եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները քննեն։
Կը խնդրուի կանխաւ տեղեր ապահովել՝ այցելելով www.aesa.org/event/aesa-annual-garden-party կայքէջը: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել events@aesa.org հասցէին: