Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄի) Արեւմտեան շրջանի մեծ ընտանիքը սրտանց կը ցաւակցի Թեքսասի տարածքին եւ յատկապէս Հիւսթընի շրջանէն ներս պատահած բնական ահաւոր աղէտներուն առթիւ (Հերիքէյն Հարվի), որոնք պատճառ հանդիսացան, որ տասնեակ հազարաւոր մարդիկ տնազուրկ ըլլան եւ պարտաւոր՝ ժամանակաւոր պատսպարաններու մէջ բնակութիւն հաստատելու: Սրտաճմլիկ այս հեղեղներուն պատճառով, բազմաթիւ բնակիչներ տակաւին թակարդուած կը մնան իրենց բնակարաններուն մէջ, մահուան վտանգին դէմ յանդիման գտնուելով:
Տեղւոյն եւ այլ վայրերէ շրջան փութացած կամաւոր փրկարարներ, արհեստավարժ փր-կարարներու կողքին, հրաշքներ կը գործեն՝ ազատելու համար վտանգուած բազմաթիւ ընտանիքներ, անկարող ծերունիներ, երիտասարդներ ու երեխաներ:
Հայ ժողովուրդը ձեռնածալ չի կրնար մնալ նման արհաւիրքի մը առաջ, որուն հետեւանքներուն ինք քաջածանօթ է: Պէտք չէ մոռնանք 1988ի Հայաստանի մեծ երկրաշարժը, որ ցնցեց հայ ժողովուրդը, սակայն ան առանձին չմնաց, այլ աշխարհի չորս ծագերէն եւ ամէն ձեւով հայութեան օգնութեան ձեռք երկարեցաւ՝ թեթեւցնելու ահաւոր այդ աղէտին հետեւանքները:
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, հերթը մե՛րն է, Թեքսասի աղէտեալ ժողովուրդը աւելի քան երբեք մեր նիւթաբարոյական օժանդակութեան կարօտը ունի: Այս առիթով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը ձեռնարկած է նուիրատուութեան արշաւի մը, օժանդակելու համար Թեքսասի աղէտեալներուն, որպէսզի անոնք բնականոն իրենց կեանքը վերագտնեն:
Կոչ կ՛ընենք շրջանի հայութեան, որ այս նպատակին համար տուրքէ զուրկ իր նուիրատուութիւնները կատարէ ՀՕՄին եւ ուղարկէ զանոնք ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812 հասցէին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, հեռաձայնել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւով, կամ դիմել office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէին:
ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, Հոգեբանական կեդրոն եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը, կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:
Այո, ամէն գնով եւ ամէն ձեւով օգնելու ենք ՀՕՄ-ին գլուխ հանելու համար այս մարդասիրական կարեւոր պարտականութիւնը: Հայօրէն եւ ազգովին օգնենք կարօտեալներուն:
Պռավօ, ՀՕՄ: