ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Երիտասարդական ամէնէն փայլուն օրերու տարիքը երբեմն պատճառ կը դառնայ ստեղծիչին գաղափարը մերժելու: Թարմութեամբ, գեղեցկութեամբ, գրաւչութեամբ, ոյժով եւ բազմաթիւ այլ առաւելութիւններով օժտուած մարդը դժուար կը համոզուի, թէ այդ ամէնը իրեն տրուած են: Միթէ ինք այդպէս չէ՞ ծնած: Ի՞նչ կարիք կայ հաւատալու, որ Արարիչ մը նախածրագրած է այդ ամէնը իրեն համար: Միւս կողմէ, ծերանալու, տկարանալու, խամրելու, թոշնելու կամ գրաւչութիւնը կորսնցնելու միտքերը ընդհանրապէս անիմաստ գաղափարներ ու անիրականանալի երազներ կը թուին այդ տարիքի մէջ գտնուող շատ ինքնավստահ մարդուն:
Աստուծոյ գոյութեան դէմ բացուած այս «պայքար»ը, նաեւ «կը թելադրուի» այն թերութիւններէն, զորս երիտասարդութիւնը կը տեսնէ իր ֆիզիքականին վրայ: Ո՛չ անպայման արկածներու պատճառած սպիները կամ հաշմանդամութիւնը, այլեւ ի ծնէ յայտնուած թերութիւնները երբեմն «կը խրախուսեն» երիտասարդութիւնը բողոքելու Աստուծոյ դէմ, Անոր գոյութիւնը ուրանալու ամէնէն հեշտ ու արագ միջոցին դիմելով:
_ Եթէ Աստուած իսկապէս կայ, ինչո՞ւ ես կաղ ծնած եմ, _ կ՛ըսէր ծանօթ հաշմանդամ մը: Ուրիշ մը իր կակազ լեզուին թերութիւնը Աստուծոյ յանցանքը կը համարէր եւ Անոր ստեղծագործութիւնը թերի ցոյց կու տար: Որքան ալ շրջապատին մէջ գտնուող հաւատաւոր բարեկամներ ցոյց տային երկինքի աստղերն ու մոլորակները, կամ պատմէին Յիսուսի կատարած հրաշքներուն մասին, ինք իր լեզուն օրինակ կը բերէր, ըսելով որ այս ալ այդ հրաշքներուն շարքին պէտք է դնէր Աստուած, փոխանակ զինք այդպէս տառապեցնելու…։ Ուրեմն, «Աստուած չկայ», կ՛ըսէր ան, իբրեւ եզրակացութիւն իրեն պատմուած բոլոր հրաշալիքներուն:
Երիտասարդ ծնողքի մը ընտանիքին մէջ ծնած խեղանդամ երեխան եւս երբեմն պատճառ կը հանդիսանայ Աստուծոյ գոյութիւնը մերժելու տխուր կեցուածքին: Անշուշտ ճիշդ հակառակն ալ պատահած է, երբ այդ երեխան ո՛չ թէ «Աստուծոյ պատիժը» համարած են ծնողներ, այլ՝ օրհնութիւն մը երկնային, իրենց ամբողջ կեանքին համար, զիրենք համեստացնող եւ ծառայութեան ու նուիրումի կեանքին վարժեցնող…։ Միւս ծայրայեղութիւնն է անշուշտ այն կեցուածքը երիտասարդ ծնողներուն, որոնք իրենց կեանքին մէջ պատահած դժբախտութենէն դաս չեն ուզեր քաղել, այլ ընդհակառակը, երկրորդ դժբախտութիւն մը կը դարձնեն իրենց անհաւատութիւնը, զոր իրենց ամբողջ կեանքին համար իրենց վիզէն կախուած տխրայուշ եւ անքակտելի շղթայի մը կը վերածուի…։
_ Աստուած չկայ:
Այսպէս կը յանդգնէր ըսել ծանօթ երիտասարդ մը, աւելցնելով թէ աւելի դիւրին է «Աստուած չկայ» ըսելը, քան թէ Անոր գոյութիւնը փաստելը:
Վերոյիշեալ որոշումը ծուլութեա՞ն վերագրենք, թէ տգիտութեան, իսկապէս շուարած ենք: Եթէ ծուլութեան վերագրենք աւելի յանցաւոր պէտք է համարենք այդպէս մտածող անձը, որովհետեւ այս պարագային տգիտութիւնը աւելի նուազ յանցանք կը համարուի: Ծոյլ ըլլալու պատճառով Աստուծոյ գոյութիւնը դրժելը կամ զԱյն գտնելու փորձ չկատարելը իսկապէս յանցանք է:
Գիտութեան պակասը թերեւս աւելի մեղմ յանցանք է, որովհետեւ կրնայ մարդուն միտքը օր մը լուսաւորուիլ, ճանչնալով իր Արարիչը:
Մարդկային միտքին լուսաւորութիւնը երբեմն կախեալ է յանկարծական լուսափայլութենէ մը, որ կրնայ պատահիլ տեսիլքով, արկածներու հանդիպելով կամ փորձութիւններու ենթարկուելով:
Իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին Աստուծոյ գոյութեան դէմ պայքարած եւ զայն մերժած անձեր յանկարծ աստուածապաշտ կը դառնան, երբ արկածի մը հանդիպին, ու թէպէտ հաշմանդամութեամբ փակուի այդ տխուր էջը, անոնք դարձեալ փառք կու տան Արարիչին, որ խնայեց իրենց կեանքը եւ դարձեալ ապրելու առիթ ընձեռեց իրենց:
«Աստուած չկայ» անպատասխանատու խօսքը շա՜տ մեծ է մարդուն բերնէն դուրս գալու համար: Մարդը իր ամբողջ գիտութեամբ, տիեզերքի, մարդակազմութեան, հոգեբանութեան, իմաստասիրութեան եւ բոլոր խորարմատ գիտութիւններու իր իմացութեամբ չի՛ կրնար յոխորտալ, որովհետեւ չի՛ կրնար ամբողջութեան մէջ ճանչնալ զԱստուած: Ուրեմն, ինչպէ՞ս կը համարձակի իր չճանչցած Էակին մասին հաստատական կարծիք արտայայտել:
Հետաքրքրական է, որ մարդ արարածը իր ամէնէն գաղտնի գաղափարներուն, մտածումներուն, նախասիրութիւններուն եւ սէրերուն տէրը ըլլալ կը դաւանի, նոյնիսկ առանց բարձրաձայնելու անոնց մասին: Օրինակ, եթէ համակրանք ունենար մէկուն հանդէպ, նոյնիսկ եթէ այդ անձը տեղեակ չէ, այդ համակրանքը նոյնիսկ եթէ պղատոնական սիրոյ փոխուի, դարձեալ քեզի համար կը մնայ իրական, եւ ո՛չ թէ կեղծ: Աւելին, կը դաւանիս որ այդ սէրը իրական է, կայ, գոյութիւն ունի եւ նոյնիսկ կրնաս յայտարարել անոր մասին, ըսելով թէ այդ սիրով կ՛ապրիս, անիկա քու գոյութեանդ պատճառն է, եւ կեանքիդ իմաստը: Մարդիկ տեսնելով անոր անրջային մտածելակերպը, կը յորդորեն իրականութեան գիրկը վերադառնալ: Սակայն մարդը կը պայքարի անոնց դէմ, փաստելու համար, որ իր սէրը իրական է, գոյութիւն ունի, եւ իր գոյութեան պատճառն է:
Շատ ամփոփ բաղդատական մը աննիւթեղէն եւ վերացական համարուող այս երկու գաղափարներուն միջեւ՝ Աստուծոյ եւ սիրոյ, կրնայ ճշմարտութեան մօտեցնել մեզ: «Աստուած չկայ» կը յայտարարես, իսկ միւս կողմէ կ՛ըսես, թէ «սէրը կայ»: Երկուքն ալ անտեսանելի գաղափարներ են: Ատիկա քու յանցանքդ է, որ մէկը կը զգաս, իսկ միւսը՝ ո՛չ: Ուրեմն, այն պատճառաբանութիւնը զոր յաճախ կը կրկնէիր Աստուծոյ գոյութիւնը մերժելու համար, ըսելով «չեմ տեսներ՝ ուրեմն չեմ հաւատար», ինչո՞ւ նոյն պատճառաբանութիւնը չես տար սիրոյ զգացումիդ համար: Միթէ սիրոյ զգացումդ կը տեսնե՞ս, որ կը հաւատաս անոր…։ Այս ալ վերացական գաղափար մըն չէ՞: Միւս կողմէ, պղատոնական սէրէդ գաղափար իսկ չունի այն անձը, զոր այնքան կը սիրես, մինչ Աստուած կրնայ քու սէրդ գնահատել եւ ըստ այնմ նաեւ վարձատրել քեզ:
«Աստուած չկայ» աժանագին մտածումը ո՛չ ոք կը գնէ այսօր մայթերու վրայ փռուած շուկայէն, յատկապէս երիտասարդներու բազուկէն կախուած լաթէ վզնոցի ձեւով, որովհետեւ զայն «վաճառող» փերեզակները հիմնաւոր բացատրութիւն չունին տալիք յաճախորդին: Այսօրուան յաճախորդը իր գնած ապրանքին մասին պէտք է մանրամասն տեղեկութիւն իմանայ: Այսօրուան յաճախորդը երէկուան միամիտ գիւղացին չէ՛, զոր կրնայիր խաբել եւ տարհամոզել:
Քու սէրդ իրական է, կայ, կը զգաս զայն, կ՛ապրիս անով, իսկ Աստուած՝ չկայ: Ան իրական չէ՛, զԱյն չես կրնար զգալ: Այս պատճառաբանութիւններուդ վերջակէտը վաղուց դրուած է: Ամէն մարդ «նոր տող»ին կը նայի, տեսնելու համար թէ ի՞նչ նորութիւն պիտի գրես այնտեղ:
Աստուծոյ գոյութեան զգացողութիւնը աւելի՛ զօրաւոր է, քան հասարակ սէր մը, որուն առարկան մահկանացու է կամ փճացող: Աստուած յաւիտենապէս կայ, իսկ Անոր հանդէպ մեր ունեցած սէրը մեր մահով վերջ չի՛ գտներ, այլ՝ յաւիտենութեան մէջ կը գոյատեւէ, որուն համար կը վարձատրուինք յետ մահու:
«Աստուած չկայ» ըսողին եթէ հարկադրուած ըլլանք պատասխանել, պէտք չէ՛ նոյնքան աժան պատասխան տանք, այլ՝ պէտք է ըսենք «Ուրեմն քու ունեցած սէրդ ալ չկայ», որովհետեւ զգացական աշխարհին մէջ մէկուն ըլլալը եւ միւսին չըլլալը չենք կրնար զանազանել իրարմէ. կամ բոլորը կան կամ՝ բոլորն ալ չկան: