ՊՈՔԱ ՌԱԹՈՆ.- Հայկական Աւանդական 20րդ նաւապտոյտը ճամբայ ելաւ Մայամիէն, անցած Յունուար 20ին. անոր աւելի քան 1300 հայ մասնակիցները, 9 օրերու ընթացքին, այցելեցին Արուպա, Քուրասաու, Պոներ եւ Լապատի: Հայ մշակոյթի ու ընկերային կեանքի երեսներով հարուստ եւ արդիական «Նեւիկէյթըր աֆ տը Սիզ» զբօսանաւուն վրայ իրականացած սոյն նաւապտոյտին կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու 25 նահանգներէ, ինչպէս նաեւ՝ Աւստրալիայէն, Հայաստանէն, Գանատայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն եւ Լիբանանէն հայորդիներ։
Պատուոյ հիւրերու շարքին կային Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ եւ կինը՝ Տոնան։
Յատկանշական է, որ Հայկական նաւապտոյտի անդրանիկ պտոյտին մասնակցած էին քանի մը հարիւր հայեր, որոնց թիւը զգալիօրէն աճած է վերջին 20 տարիներուն։ Նաւապտոյտները, զուարճանքի առիթներու եւ մշակութային շարք մը ձեռնարկներու կողքին, նաեւ նպաստած են հայութեան թիւի աճին՝ իրականացնելով քանի մը նշանտուքներ եւ ամուսնութիւններ, ինչպէս նաեւ կերտելով նոր բարեկամութիւններ։
Նաւապտոյտին մասնակիցները ա՛յս անգամ եւս առիթը ունեցան հայկական պարի դասընթացքներու հետեւելու, առաջնորդութեամբ՝ պարուսոյց Մարկօ Քաֆթաճեանի, ինչպէս նաեւ՝ նարտիի եւ «պլո»չի մրցաշարքերով իրենց ձիրքերը չափելու միւս ճամբորներուն հետ, համադրութեամբ՝ Անդրանիկ Պուտաքեանի եւ Համբար Վարդանեանի։
Հայկական աւանդական 20րդ նաւապտոյտի մասնակիցները նաեւ վայելեցին շարք մը արուեստագէտներու կատարումները: Անոնց շարքին էին նախապէս երկու առիթներով եւս հայկական նաւապտոյտներու մասնակցած հանրայայտ դաշնակահար եւ կատակաբան Գեւ Օրգեան, երգիչներ՝ Ճոզէֆ Գրիգորեան, Գէորգ Արթինեան ու Յարութ Խաչոյեան: Նաեւ, խմբավար Անդրանիկ Մուրատեանի գլխաւորուեամբ՝ հայկական երաժշտութեան գոհարներ իւրայատուկ կերպով մատուցեցին Սալբի Մայիլեան, Յարութ Յակոբեան եւ Արմէն Յովհաննիսեան։
Այս տարի, Հայկական նաւապտոյտի գործադիր մարմինը առաջին անգամ ըլլալով նաեւ կազմակերպած էր բժշկական դասաւանդման յատուկ ծրագիր մը, մասնակցութեամբ յայտնի դասախօսներու։ Նաւապտոյտի բժշկական յանձնախումբի անդամներուն եւ դասախօսներուն շարքին էին՝ տոքթ. Ճան Պիլեզիկեան (ատենապետ), տոքթ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեան (պատուոյ ատենապետ), տոքթ. Վարդուհի Պետրոսեան, տոքթ. Ռապըրթ Պաղրանեան եւ տոքթ. Լորընս Նաճարեան։
Դասընթացքներուն կողքին, անոնք նաեւ մատուցեցին հանրային դասախօսութիւններ՝ Հայաստանի մէջ իրենց տարած գործունէութեան եւ Հայաստանի առողջապահական մարզի բարելաւման առնչուող շարք մը նիւթերու մասին:
Հանրային դասախօսութիւններ տուին նաեւ հետեւեալները.
– Անահիտ Երէմեան՝ Հայաստանի բնագիտութեան հիմնարկի Անջրպետային ճառագայթի բաժանմունքի իրագործումներուն մասին.
– Մերի Մաթոսեան՝ Արցախի քառօրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն մասին.
– «Վարդանի Ասպետներն ու Դուստրերը» կազմակերպութեան անդամները տեղեկութիւններ տուին կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին իրագործուող մարդասիրական ծրագիրներուն մասին.
– ՀՕՄի ներկայացուցիչները յատուկ թէյասեղանի մը ընթացքին ներկայացուցին բարեսիրական այդ կազմակերպութեան կողմէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին իրագործուող մարդասիրական ծրագիրներուն մասին.
– Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ խօսեցաւ Ամերիկայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարին նուիրուած իր՝ «Ճշմարտութիւնը Պատանդ Բռնուած» հատորին մասին.
– Արեւելեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան՝ Միջին Արեւելքի հայութեան ներկայ իրավիճակին մասին.
– Դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեան՝ Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններուն մասին:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի իրավիճակին մասին հանրային քննարկում մը՝ մասնակցութեամբ դոկտ. Ռաֆֆի Յովհաննէսեանի, Ճան Էվընզի եւ դոկտ. Անդրանիկ Գասպարեանի։
Առաւել, կազմակերպուած էր հայ գործարարներ իրարու ծանօթացնելու նպատակով հաւաք մը։
Նշենք, որ հայ մշակոյթի ու ընկերային կեանքի տարբեր երեսներով հարուստ Հայկական աւանդական 21րդ նաւապտոյտը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 20-28, 2018ին, իսկ անոր մասնակիցները պիտի այցելեն Ս. Քիթս, Անթիկուա, Փորթօ Ռիքօ եւ Լապատի:
Նաւապտոյտին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց եւ մասնակցութեան տարբեր մակարդակներուն ծանօթանալու համար, դիմել (866) 447-0750 թիւին, այցելել
www.ArmenianHeritagecruise.com կայքը կամ www.facebook.com/armenianheritagecruise կայքէջը:
(Քաղուած՝ Պարպարա Յարութիւնեանի յօդուածէն)