ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան կարեւոր բնագաւառներէն մէկն է: Արամ Ա. վեհափառը ո՛չ միայն միջեկեղեցական յարաբերութեանց բարձրագոյն մակարդակի վրայ ղեկավարի դիրքեր ստանձնած է, այլ եղած է եւ է քաջալերողը՝ Հայ եկեղեցւոյ գործօն ու հետեւողական մասնակցութեան յիշեալ մարզին մէջ:
Այս հեռանկարով, Արամ Ա. կաթողիկոս վերջերս կատարեց հետեւեալ նոր նշանակումները.
– Պօղոս վրդ. Թինքճեան եւ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան՝ անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան: Հայր Պօղոսը նաեւ անդամ նշանակուեցաւ Մակար եպս. Աշգարեանի կողքին Արեւելեան Ուղղափառ կաթոլիկ եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան:
– Հրանդ վրդ. Թահանեան եւ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան՝ անդամ Արեւելեան Ուղղափառ անկլիքան եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան:
– Գեղարդ Ծ. վրդ. Քիւսպէկեան՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Ուխտագնացոութիւն դէպի խաղաղութիւն ու արդարութիւն» յանձնաժողովի աստուածաբանական քննարկումի անդամ:
– Սեդա Խըտըշեան՝ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի «Ուխտագնացութիւն դէպի խաղաղութիւն ու արդարութիւն» յանձնաժողովի անդամ:
– Մակար եպս. Աշգարեան՝ Ուղղափառ եկեղեցիներու եւ Ս. Գրոց միջազգային ընկերակցութեան գործակցութեան յանձնախումբի անդամ:
– Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սարգիսեան՝ Արաբական Ծոցի շրջանի եկեղեցիներու խորհուրդի գործադիր վարչութեան անդամ: