ԲԻՒԶԱՆԴ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Մոռնանք վայրկեան մը առօրեան
Խանգարենք մեր հանգիստը
Ու անդրադառնանք ներկայ կացութեան:
Գրիչը, բահը, սուրը, զէնքը
Մեզի փոխանցուած է:
Կ՛ապրինք դարու մը մէջ
Երբ ազատ անկախ
Հայաստանը
Ալ երազ չէ
Այլ իրականութի՛ւն որ կը պատճառէ
Յաւերժ երջանկութիւն
Ու միաժամանակ
Պայքար:
Անցած են այն օրերը
Երբ քայլերգին առաջին տողը
Կ՛երգուէր
«Մեր Հայրենիք, թշուառ անտէր»:
Այսօր հպարտօրէն կ՛երգենք՝
«Ազատ անկախ»
Բայց կ՛անտեսենք
Այդ առանձնաշնորհումը:
Առաջին
Սերունդն ենք որ ունի
Պաշտօնական
Հայրենիք մեր բոլոր
Կեանքին ընթացքին
Կը պարտինք մեր նախնիներուն
Որոնք զոհաբերեցին
իրենց Էութիւնը:
Կը ճանչնա՞ք դուք անոնց
Այդ հերոսները,
Մարտիկները,
Մտաւորականներն, ու խենթերը
Որոնք քանդակեցին
«Պայքար»
Իրենց սրտի ու ուղեղի
Պատերուն վրայ:
Այս կոչը կ՛ուղեմ բոլոր
Հայ երիտասարդներուն,
ԱՐԹՆՑԷՔ
Մենք ա՛լ աւելի գործ ունինք
Մենք ա՛լ աւելի
Պատասխանատուութիւններ ունինք
Ու իրաւունք չունինք
Անտարբեր ըլլալու:
ԿԵԴՐՈՆԱՑԷՔ
Կեդրոնացէք այն հարցերով
Որոնք մեր դատը առաջ կը մղեն:
Միացնելու, բարելաւելու,
Պաշտպանելու
Պարտքը մեր ուսերուն է:
Տեսնենք ինչպէս
Պիտ աջակցիք
Որ կերտենք մեր
Հայրենիքը: