ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան մեկնաբանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի՝ Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովի ծիրին մէջ կատարած յայտարարութիւնը՝ ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ տարածքներուն վերաբերեալ, առանցքային նկատելով անվտանգութեան խնդիրը:
«Նախ եւ առաջ խօսինք այն մասին, որ այդ յայտարարութեան կարեւորագոյն խորքային իմաստը այն է, որ անվտանգութիւնը ամէնէն առանցքային բաղադրամասն է: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար խօսիլ ո՛չ թէ տարածքներու, այլ սահմաններու մասին: Անոնք տարբեր երեւոյթներ են, որովհետեւ չես գիտեր ինչո՛ւ սահմաններու հարցը քննարկելով կամ խօսելով անոնց մասին՝ միշտ հարցը կը դիտարկեն ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի յաւակնութիւններուն ներքեւ: Կարեւորը այն է, որ հիմնական շեշտը կը դրուի անվտանգութեան հարցերուն վրայ, եւ ամբողջ աշխարհի համար հասկնալի է, որ այդ հարցը կարեւորագոյնն է, քանի որ մենք միշտ ըսած ենք, որ չկայ վերադարձ անցեալին՝ թէ՛ սահմաններու, թէ՛ կարգավիճակի առումով: Մեր այս մօտեցման հիմքը կը հանդիսանայ անվտանգութեան բաղադրամասը», շեշտած է Դաւիթ Բաբայեան:
Ան յայտնած է, որ Ատրպէյճանը ստիպած է, որ սահմանները փոխուին, եւ մինչեւ հիմա չի հրաժարիր իր հայատեաց քաղաքականութենէն:
«Հետեւաբար, մենք երբե՛ք թոյլ պիտի չտանք, որ մեր պետութիւնը յայտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ անվտանգութեան նոյնիսկ մէկ բաղադրամաս կասկածի տակ ըլլայ: Այդ պարագային հակառակորդը անմիջապէս պիտի օգտուի առիթէն եւ պիտի յարձակի մեր վրայ: Այս տեսանկիւնէն դարձեալ կ՛ուզենք կարեւոր նկատել Քարվաճառ գետը: Այդտեղ սկիզբ կ՛առնեն նախկին ԼՂԻՄի ջրային պաշարներուն 85 տոկոսը, Արփա եւ Որոտան գետերը, որոնք Սեւանայ լիճը կը փրկեն կործանումէ: Ատրպէյճան ունի ջրային ահաբեկչութեան հարուստ փորձառութիւն. խոր-հրդային տարիներուն կը թունաւորէր Արցախի ջուրերը: Մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ եթէ վաղը անոնք վերահսկողութիւն ստանան այդ տարածքներուն վրայ, մեր ջրային պաշարներուն մէջ պիտի նետեն շողարձակ նիւթեր եւ միջուկային թափօններ, իսկ ապա պիտի ըսեն՝ դուք ըրած էք: Եթէ նոյնը ըլլայ Սեւանի հետ, թունաւորուին Արփա եւ Որոտան գետերը, Հայաստանը ամբողջովին պիտի թունաւորուի», եզրափակած է ան: