ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Ռուսիոյ մշակոյթի նախարար Վլադիմիր Մետինսկիի հրամանագիրով խմբավար Արա Կարապետեան նշանակուեցաւ Մոսկուայի Բ. Ա. Փոկրովսկիի անուան պետական ակադեմական սենեկային երաժշտական թատրոնի տնօրէն: Ըստ «ԹԱԱՍ» լրատուական գործակալութեան՝ Կարապետեան այս պաշտօնով փոխարինած է Օլեկ Միխայլովը:
«Նոր նշանակումը կապուած է այս թատրոնին մէջ ստեղծուած հարցերը լուծելու ցանկութեան հետ: Մենք յոյս ունինք, որ Կարապետեան գալուստով թատրոնին մէջ իրավիճակը բնականոն կը դառնայ, կը բարելաւի ստեղծագործական եւ վարչական կեանքը, եւ այդ բոլորը թոյլ կը տան քննարկելու թատրոնի գործունէութիւնը եւ յետագայ յաջողութիւնները, այլ ոչ թէ անոնց հետ կապ չունեցող որոշումներն ու վէճերը», կը յայտնէ Ռուսիոյ մշակոյթի նախարարի տեղակալ Ալեքսանտր Ժուրաւսքի:
Արա Կարապետեանը ծնած է 1969ին, Երեւան: Աւարտած է Ս. Փեթերսպուրկի Ռիմսքի Քորսաքովի անուան երաժշտանոցը (օփերայի եւ սիմֆոնիք երաժշտութեան խմբավարութեան բաժին): 1992էն ի վեր սկսած է զանազան թատրոններու մէջ աշխատելու՝ որպէս խմբավար: