ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի կը յայտնէ, թէ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ եղած առճակատման մեղաւորը Թուրքիան է, եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն մուտքի արտօնագիր չտրամադրելու պատճառը թրքական կողմին առած քայլերն են:
Մանոյեան «Թեր»չի հետ զրոյցի մը ընթացքին մատնանշեց, որ Թուրքիան Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցները ձերբակալեց: «Այնպէս չէ, որ Միացեալ Նահանգները առանց պատճառի որոշած են նման բան ընել, այլ՝ որովհետեւ, ինչպէս յայտարարութեան մէջ ալ ըսուած է՝ Թուրքիա չի կրնար երաշխաւորել իր դիւանագիտական ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու անվտանգութիւնը, եւ այդ պատճառաւ իրենք որոշած են մուտքի արտօնագիրներ տրամադրելու գործընթացը կասեցնել»:
Կիրօ Մանոյեան նկատեց, որ թրքական կողմն ալ որոշեց Միացեալ Նահանգներուն պատասխանել նոյն ձեւով՝ նոյն յայտարարութիւնը պարզապէս երկիրներու անունները փոխած ներկայացնելով եւ յայտնելով, որ իրենք մուտքի արտօնագիր պիտի չտրամադրեն Միացեալ Նահանգներէն Թուրքիա այցելել ուզող քաղաքացիներուն:
«Առիթ եղաւ, որ տեսնեմ, թէ քանի՛ ամերիկացի այցելած է Թուրքիա. այդքան ալ մեծ թիւ չէ, մէկ տարուան ընթացքին ընդամէնը քանի մը հազար է», նշեց ան:
Կիրօ Մանոյեան կը հաստատէ, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ եղած հարցերը նկատելի էին տակաւին ամիսներ առաջ: Ըստ անոր՝ նոյնիսկ Էրտողան-Թրամփ հանդիպումին երկու երկիրներու յարաբերութիւնները հարթ չէին: «Այդ ժամանակ Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման հոլովոյթը կասեցուեցաւ: Հիմա ալ, չեմ կարծեր, որ այս յարաբերութիւններու սրացումը անպայման ի նպաստ հայերուն ըլլայ», ըսաւ ան:
Ըստ Կիրօ Մանոյեանի՝ Թուրքիոյ վարած քաղաքականութիւնը իր ազդեցութիւնը կրնայ ունենալ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին վարած քաղաքականութեան վրայ, սակայն, թրքական վարչակազմէն եղած զայրոյթի դրսեւորումները քաղաքականութեան մէջ մեծ դեր պիտի չունենան:
«Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլ կառոյցներ, որոնք Թուրքիոյ հետ աւելի սերտ յարաբերութիւններ ունեցած են, աւելի հաւասարակշռուած դատողութեան կոչ պիտի ուղղեն, որովհետեւ շատ հարցներ կան այսօր, նոյն Միջին Արեւելքի մէջ, ուր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները իրենք օգտակար կը նկատեն», ըսաւ ան: