ՍԱՆ ՄԱԹԷՕ.- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 9ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտակայ Սան Մաթէօ քաղաքի «Peninsula Golf and Country Club»ին մէջ տեղի ունեցաւ «Ճերըլտ եւ Մարք» կոլֆի տարեկան 16րդ մրցումը։ Այս մրցումը հաստատուած է ազգային բարերար Հենք Խաչատուրեանի եւ իր մահացած կնոջ՝ Ռիթայի կողմէ, ի յիշատակ անոնց զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, ընդառաջելով բարերարի հրաւէրին՝ ներկայ եղաւ պաշտօնական ընթրիքին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Ներկայ էին նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեանն ու ծխական համայնքի ներկայացուցիչներ։
Սրբազանը առաջին հերթին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս բոլորուած են յարգելու Հենք Խաչատուրեանի զաւակներուն՝ Ճերըլտի եւ Մարքի, անմոռաց ու պայծառ յիշատակը, նշելով, որ «թէեւ Հենքի սիրեցեալ կինը այս տարի առ յաւէտ կը բացակայի, սակայն անոր զուարթ հոգին ու ներկայութիւնը կը զգանք մեր հոգիներուն ու սիրտերուն մէջ»։
Առաջնորդը ողջունեց եւ բարձր գնահատեց Հենք Խաչատուրեանի բարի կամեցողութիւնն ու առատաձեռն բարերարութիւնները՝ շեշտելով. «Անձնապէս եւ այստեղ գտնուող իւրաքանչիւր անհատ արդարօրէն կը վկայենք, որ դուք ո՛չ միայն հոգեկան գոհունակութեամբ լի նուիրող էք, այլեւ՝ խոնարհ ու գթասիրտ բարերար. տասնամեակներու վրայ տարածուած եւ տարի առ տարի ուռճացող այս բարեգործական ձեռնարկը ցայտուն եւ գեղեցիկ վկայութիւնն է ձեր բարեսրտութեան»։
Այնուհետեւ, ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ բարերարն ու անոր վաստակը, երկնային հանգիստ շնորհէ անոր կնոջ եւ զաւակներուն, ինչպէս նաեւ օրհնեց ներկաները, որոնք հետեւողական կերպով նեցուկ կը կանգնին բարեսիրական այս նախաձեռնութեան: