«Հանրապետութեան նախագահը Ժընեւի «Քուանթրան» միջազգային օդակայանին մէջ կարճատեւ հանդիպում մը ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, որ նոր ժամանած էր Ժընեւ՝ այնտեղէն Պրիւքսէլ մեկնելու նպատակով», այս մասին «ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ կը տեղեկացնէ Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան պետ Մերի Յարութիւնեան: