ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ուրբաթ, 20 Հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ բացուեցաւ ֆրանսական ուռուցքաբանական կեդրոն մը:
Բացման ժապաւէնը հատեցին Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան եւ ֆրանսահայ յայտնի բժիշկ-ուռուցքաբան, կեդրոնի բժշկական բաժինի ղեկավար Նորպերթ Աւետեան:
«Նորման» հիմնադրամի եւ Նորպերթ Աւետեանի նախաձեռնութեամբ բացուած կեդրոնը Հայաստանի մէջ պիտի իրականացնէ քաղցկեղով հիւանդներու՝ եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան բուժում: