ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 19ի կանուխ ժամերուն, Պոլսոյ օդակայանին մէջ ձերբակալուած էր գործարար եւ հասարակական գործիչ Օսման Քաւալա, որուն դէմ եօթնօրեայ կալանքի վճիռ արձակուած էր:
Մինչ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ մասին զեկուցող Քաթի Փիրի անմիջապէս այս ձերբակալութիւնը յոյժ մտահոգիչ որակած է, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուող գիտնականներուն, լրագրողներուն, հասարակական գործիչներուն եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններուն դէմ դատական գործերուն մէջ բաւարար ապացոյցներ չկան, ինչ որ «անհանգստութիւն կը պատճառէ»:
Քաւալայի ձերբակալութեան արձագանգած է նաեւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ յայտարարելով, որ ուշադիր կերպով պիտի հետեւի անոր զարգացումներուն. նախարարութիւնը աւելցուցած է. «Ինչպէս եւրոպական այլ երկիրներ, Ֆրանսան եւս շարունակաբար կը համագործակցի Քաւալայի հետ, որ Թուրքիոյ մշակութային կեանքի եւ հասարակութեան ամէնէն կարեւոր ու յարգուած անուններէն մէկն է»:
Քաւալայի ձերբակալութեան լուրին ցաւով արձագանգած են նաեւ Հայաստանի հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք քանիցս առիթ ունեցած են համագործակցելու անոր հետ՝ բազմաթիւ ծրագիրներ կեանքի կոչելով հայ-թրքական հաշտեցման գործընթացի ծիրէն ներս:
Տարածաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի նախագահ Ռիչըրտ Կիրակոսեան մասնաւորապէս նշած է. «Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ, մեր վաղեմի գործընկեր Քաւալան մեծ ներդրում ունեցած է Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու եւ յուշարձաններու վերականգնման հարցով»: